«Զարթօնք»ի Անունով Մայրիի Ծառ Մարտակերտի Մէջ

ՀՀ Սփիւռքի նախարարութեան «Դուն ի՞նչ կ’ընես Արցախի համար» համահայկական շարժման ծիրէն ներս, Ս. Խաչ-Հարպոյեան վարժարանի իրականացուցած ծրագիրով, ներառական կրթութեան մէկշաբաթեայ դասընթացքին մասնակցելու համար Պէյրութ այցելեցին Մարտակերտի Վարդան Մինասեանի անուան թիւ 2 հիմնական դպրոցի տնօրէն Մելսիդա Քարդումեանը, ուսուցիչներ Լուսինէ Սաիյեանը եւ Ռուզաննա Աւետիսեանը:
Լիբանանահայ գաղութի իրենց ծանօթացման ծիրէն ներս, անոնք այլ հաստատութիւններու շարքին նաեւ այցելեցին լիբանանահայ երեք օրաթերթերու խմբագրատուները:
«Զարթօնք», որպէս խորհրդանշական նուէր արցախցի ուսուցչուհիներուն յանձնեց Լիբանանի մայրի ծառի տունկեր:
Ուրախութեամբ իմացանք, որ դպրոցի տնօրէնութիւնը արցախցի զինուորներու հետ, մարտական խաչի երկրորդ աստիճանի շքանշանակիր Վարդան Մինասեանի մահուան տարելիցի նուիրուած դպրոցական ոգեկոչման ձեռնարկի մը ընթացքին, Ապրիլեան քառօրեայ պատերազմին մասնակից զինուորի ձեռամբ «Զարթօնք»ի անունով մայրիի ծառ տնկած են դպրոցի բակը: Հետաքրքրական էր իմանալ ծառը տնկող հայ զինուորին արտայայտութիւնը, որ ծառը տնկելու համար երբ բահ առաջարկուած է իրեն, ան մերժած է գործածել, ըսելով որ բարեկամութեան ծառը ափերով է, որ կը տնկուի հողին մէջ:
Ձեռնարկին ներկայ գտնուած է նաեւ արցախցի արուեստագիտուհի Շուշան Պետրոսեան:
«Զ.»
Leave a Reply
Լրահոս
-
29.09.2020
Մեր Յաղթանակը Այլընտրանք Չունի. Յայտարարութիւն
-
16.09.2020
Ռ.Ա.Կ. Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան Հանդիպումը Մտաւորական Ընկերներու Հետ
-
11.08.2020
Եւրոպական Խորհուրդի Նախագահ՝ Չարլզ Միշըլի Այցը Հաուըրտ Գարակէօզեան
-
11.08.2020
Հայաստան Հաստատուած Լիբանանահայերուն Ուշադրութեան
-
11.08.2020
Կառավարութիւնը Հրաժարեցաւ. Կը Մնայ Որ Խորհրդարանը Եւս Հրաժարի
-
10.08.2020
Ես Գիտեմ
-
10.08.2020
Հայաստանի Հանրապետութեան Պատուիրակութիւնը Լիբանանի Մէջ. Հանդիպում Վեհափառ
-
10.08.2020
Հայաստանի Հանրապետութեան Պատուիրակութիւնը Լիբանանի Մէջ. Հանդիպում Մամուլի
-
10.08.2020
Սեւրի Դաշնագրին 100րդ Տարեդարձին Առթիւ
-
10.08.2020
ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԱՅՍՕՐ. Սեւրի Դաշնագիր

