• London

  • Beirut

  • Moscow

  • Los Angeles

  • Paris

  • Sydney

  • Toronto

Վայ Այն Ժողովուրդին Որ Իր Նախագահին Ոտքի Սայթաքումով Կը Հրճուի

30.03.2017   07:38

*ՍԵՒԱԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ*

Երէկ օրը յատկանշուեցաւ Նախագահ Միշէլ Աունի ոտքի սայթաքումով մը գետին իյնալու լուրով:

Արդարեւ, նախագահ Աուն Ամմանի մէջ մինչ կ’ուղղուէր բեմ Արաբական Լիկայի Գագաթաժողովի մասնակիցներուն հետ յիշատակի նկարին մաս կազմելու, դժբախտաբար ոտքը արգելքի մը հանդիպելով սայթաքեցաւ եւ վտանգաւոր անկումով մը գետին ինկաւ:

Բարեբախտաբար անկումը անվնաս դուրս եկաւ եւ ան սովորական ձեւով կարողացաւ շարունակել գագաթաժողովի իր մասնակցութիւնը՝ իր հերթին Լիբանանի խօսքն ալ ատենին արտասանելով:

Ի լուր այս ցաւալի միջադէպին, ընկերային համացանցը կայծակի արագութեամբ ողողուեցաւ անշուշտ ցաւակցական գրառումներով, ինչ որ բնական էր եւ տեղին:

Անբնական էր, սակայն, այն ցաւալի իրողութիւնը, որ մեծաթիւ գրառումներ ալ եղան՝ ծաղրի ենթարկելով անոր գետին իյնալը, յառաջացած տարիքի ազդակը եւայլն:

Ծաղրանքով լեցուն ամօթալի գրառումներն ու իրարու հետ բաժնուած սայթաքումը նկարած տեսերիզը ինչպէս շատերը, ընդվզեցուց նաեւ զիս:

Այս ամօթալի երեւոյթը վստահ եմ աւելի քան ամչցուց իւրաքանչիւր ազնիւ մարդ: Ո՛վ մեզմէ զերծ է նման արկածի հանդիպելէ: Անկախ իր նախագահի հանգամանքէն, որքա՜ն մեծ հերոսութիւն է ծաղրել 83 ամեայ մարդու մը ոտքի սայթաքումը… եւ արկածը օգտագործելով քաղաքական հաշիւներ մաքրել խնդրոյ առարկայ անձին հետ:

Սիրելի ընթերցող, դուն լաւ գիտես տողերս գրողին սկզբունքային կեցուածքը ընդդէմ Միշէլ Աունի անձին եւ գլխաւորած քաղաքական հոսանքին, երբ ան տակաւին նախագահ չէր ընտրուած: Սակայն ի տես այս ցաւալի արկածին եւ ի յարգանս իր հանգամանքին կ’ուզեմ միայն ցաւակցիլ եւ առողջութիւն մաղթել երկրին նախագահին, մինչ արկածը ծաղրողներուն բարձրաձայն յուշել, որ վա՜յ այն ժողովուրդին, որ իր նախագահին ոտքի սայթաքումով կը հրճուի…:

 

 

Share Button

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Լրատուութեան գործընկեր