Իր Անմար Յիշատակին… Օննիկ Սարգիսեան Սերունդներու Ուսուցիչը, Դաստիարակը, Հայագէտը, Հայրենասէրը

*ՀԱՄՕ ՄՈՍԿՈՖԵԱՆ*
Պէյրութի երբեմնի փառաւոր Յովակիմեան-Մանուկեան սերունդներու դարբնոցի եւ այն օրերուն հոծ Լիբանանի հայութեան «ոսկէ դար»-ուն, պէտք է երջանիկ զգայի, որ ապրեցանք եւ վայելեցինք նաեւ աննման ուսուցիչ եւ դաստիարակ, հմուտ լեզուագէտ-հայագէտ Օննիկ Սարգիսեանին աշակերտելու պատիւը։
Բոլորս, 5 տարիներ շարունակ, ամէն օր կը սպասէինք մեր հայերէնի շարադրութեան, Սուրբ Մեսրոպ Մաշտոցի 20-րդ դարու 70-ական թուականներու իսկական առաքեալ Օննիկ Սարգիսեանի դասապահերուն։ Միշտ ժպիտն ու երգիծանքը դէմքին ու խօսքերուն մէջ, անխնայ եւ խարազանող բոլոր անոնց հանդէպ, որ իր անմիջական եւ մտերմիկ շփումը ուսանողներուն հետ կը փորձէին հեգնանքի եւ Մայրենի լեզուն արհամարհանքի վերածել։ Հանրագիտարանային իմացութեամբ օժտուած, այն ինչ որ կը վերաբերէր հայոց լեզուի ու գրականութեան, ուղղագրութեան, շարադրութեան այն մանրամասնութեանց, նոյնիսկ կէտադրութեան, մէկ խօսքով՝ աշխարհաբար հայերէնի ամբողջ հարստութիւնը մեզի հրամցնելով, 19-րդ հարիւրամեակի Պոսլոյ հայ մեծանուն գրողներու եւ մտաւորականներու՝ Գրիգոր Զոհրապի, Երուխանի, Զապէլ Եսայեանի, Տիգրան Կամսարականի, Դանիէլ Վարուժանի եւ մանաւանդ Յակոբ Պարոնեանի գլուխ գործոցներուն ընդմէջէն՝ դասապահերուն մէկ մասը կ’անցնէր տեսական, միւս մասն ալ գործնական՝ ոչ միայն ընթերցելով հայ թէ միջազգային գրականութիւն՝ այլեւ վերլուծելով «աչքի ընկող» եւ այսօր սփիւռքահայ լրագրութեան թէ գրականութեան մէջ «աստղեր» դարձած ուսանողներուն շարադրութիւնները, պատմուածքները։
Յովակիմեան-Մանուկեանէն շրջանաւարտ ըլլալէն ետք, երջանկայիշատակ հայր Գէորգ Ծայրագոյն վարդապետին առաջարկով, հայոց լեզուի եւ գրականութեան, հայոց պատմութեան ուսուցիչի պաշտօն վարեցի 1973-74 թուականներուն, սիրելի ուսուցչապետ Օննիկ Սարգիսեանի տնօրէնութեամբ՝ Ալէյի Ս. Չաթալպաշեան կոկիկ դպրոցին մէջ, երբ Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի նախօրեակին բազմաթիւ հայ ընտանիքներ կ’ապրէին, գլխաւորութեամբ Զէյթունի 1895-96 թուականներու ապստամբութեան հերոս Բարթողիմէոս Վարդապետ Թոգաճեանի հարազատներուն՝ հանգուցեալ Սուգիասի եւ եղբօր Յարութիւնի, այսօր հռչակաւոր քանդակագործ Ռաֆֆի Թոքաթլեանի (մօր կողմէն Թոգաճեան…)։ Այնտեղ եւս, Օննիկ Սարգիսեան իր հզօր ու միաժամանակ հեզասահ «քաղաքականութեամբ» կարողացաւ հայասէր եւ հայրենասէր սերունդի մը հիմքերը հաստատել, որոնցմէ շատեր այսօր կ’ապրին ու կ’աշխատին Լիբանանի բազմաթիւ միութիւններու մէջ, ինչպէս նաեւ Գանատայի թէ Միացեալ Նահանգներու հայ թէ օտար կազմակերպութիւններու աշխոյժ ղեկավարներ դարձած են։
Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմը պատճառ դարձաւ, որ երկար ժամանակ լուր չունեցայ մեր սիրելի ուսուցիչէն։ Ի վերջոյ, Փարիզի մէջ տեղի ունեցող Արեւմտահայերու Ազգային համագումարին ծանօթացայ իր դուստր Տիկին Սոնա Սարգիսեան-Եագուպեանին, յետոյ՝ ծանօթ մտաւորական եւ իր փեսայ՝ Շահէ Գալուստեանին, ունկնդրելով իր թոռնուհիներուն երաժշտութիւնը՝ իրեն եւ այլ մտաւորականներու նուիրուած մեծարման օրուան, Պէյրութի Թէքէեան կեդրոնին մէջ։
Օննիկ Սարգիսեանի հսկայական աւանդը՝ իբրեւ հրապարակագիր, գրող, «Շիրակ» ամսագրի խմբագիր, ազգային գործիչ ու մտաւորական՝ անկարելի է տեղաւորել նոյնիսկ քանի մը հատորի մէջ։
Յարգանքի ծաղկեփունջ իր անմար յիշատակին։
Leave a Reply
Լրահոս
-
29.09.2020
Մեր Յաղթանակը Այլընտրանք Չունի. Յայտարարութիւն
-
16.09.2020
Ռ.Ա.Կ. Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան Հանդիպումը Մտաւորական Ընկերներու Հետ
-
11.08.2020
Եւրոպական Խորհուրդի Նախագահ՝ Չարլզ Միշըլի Այցը Հաուըրտ Գարակէօզեան
-
11.08.2020
Հայաստան Հաստատուած Լիբանանահայերուն Ուշադրութեան
-
11.08.2020
Կառավարութիւնը Հրաժարեցաւ. Կը Մնայ Որ Խորհրդարանը Եւս Հրաժարի
-
10.08.2020
Ես Գիտեմ
-
10.08.2020
Հայաստանի Հանրապետութեան Պատուիրակութիւնը Լիբանանի Մէջ. Հանդիպում Վեհափառ
-
10.08.2020
Հայաստանի Հանրապետութեան Պատուիրակութիւնը Լիբանանի Մէջ. Հանդիպում Մամուլի
-
10.08.2020
Սեւրի Դաշնագրին 100րդ Տարեդարձին Առթիւ
-
10.08.2020
ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԱՅՍՕՐ. Սեւրի Դաշնագիր

