Սահմանի Վրայ Լարուածութիւնը կը Տկարանայ, ԴԻՒԱՆԱԳԻՏԱԿԱՆ Ճակատի վրայ՝ կը Զօրանայ
*ՆՈՐԱՅՐ ՅՈՎՍԷՓԵԱՆ*
Մարտի 2-րդ շաբաթը Արցախա-ազրպէյճանական սահմանագիծին վրայ անհամեմատաբար հանդարտ անցաւ, Փետրուարի վերջերը սպառնալիօրէն աւելցող լարուածութիւնը հետզհետէ տկարացաւ: Հրետանիի կիրառման անմիջականութիւնը նուազեցաւ, իսկ վերջին օրերուն` արդէն հրետանի չի կիրառուիր, նուազման որոշ միտում կայ նաեւ ականանետներու կիրառման գծով: Խախտումներուն հիմնական մասը բաժին կը հասնի հրաձգային, ինչպէս՝ հերթապահ զէնքերուն եւ դիպուկահարներուն: Այս վիճակը, յատկապէս փետրուարեան լարուածութենէն ետք, իսկապէս կը նշանակէ որոշ լիցքաթափում: Այնպէս որ, պաշտպանութեան բանակի ուժերը՝ դէպքերու մեծ մասով անգամ՝ հակառակորդին պատասխանելու անհրաժեշտութիւն չեն ունեցած:
Փոխարէնը, անցնող շաբթուան ընթացքին Պաքուի դիրքերը բաւական աշխոյժ գնդակոծուած են դիւանագիտական ճակատով: Տարբեր աշխարհաքաղաքական կեդրոններէ, ի դէպ, կեդրոններ, որոնք ընդունուած է հակոտնեայ կամ առնուազն մրցակից համարել, հնչեցին յայտարարութիւններ, որոնք ունէին նոյն շեշտադրումները եւ որոնք, մեղմ խօսքով, չեն կրնար Պաքուի սրտով ըլլալ, քանի որ տրամագծօրէն հակառակ են Ազրպէյճանի ղեկավարութեան հրապարակային յայտարարութիւններուն:
Առաջին հաղորդագրութիւնները Պաքուին ուղղուեցան Մարտ 6-ին` Մոսկուայէն` ՌԴ արտաքին գործոց նախարար Սերգեյ Լաւրովի ու Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարովի համատեղ ասուլիսին ընթացքին: Հերթական անգամ ընդգծուեցաւ, որ խաղաղ կարգաւորումը այլընտրանք չունի: «Ասիկա այն է, որ կը փորձէ իբրեւ ճնշման միջոց օգտագործել Պաքուն: Եւ քանի որ այս տարիներուն ընթացքին անկէ զատ ոչ-ոք այս թեման կը բարձրացնէր, կարիք ալ չկայ ապացուցելու, որ Մոսկուայէն հնչած զգուշացումը ուղղակի անոր ուղղուած էր»,- կը նկատէ ԼՂՀ նախագահի աշխատակազմի տեղեկատուութեան գլխաւոր վարչութեան պետ Դաւիթ Բաբայեան: Շարունակութիւնն ալ հաճելի չէր Մամետեարովի համար: Լաւրովը՝ առանց դիւանագիտական գունազարդումներու՝ յայտարարած է, թէ պէտք է յստակացուի նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի կարգավիճակը` հաշուի առնելով անոր բնակիչներուն կամքը. ատիկա հակամարտութեան համապարփակ կարգաւորման անբաժանելի մասը կը համարէ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարը: Իսկ կարգաւորման գործընթացը բաւական տարողունակ է. «Անոնք ամէնէն առաջ անվտանգութեան խնդիրներն են, մարդասիրական խնդիրները, տարածքներու խնդիրները, Լեռնային Ղարաբաղի կարգավիճակի խնդիրը`անշուշտ, հաշուի առնելով այնտեղ բնակողներուն կարծիքը»,- թուարկած է ՌԴ արտաքին գործոց նախարարը: Տարեսկիզբէն Պաքուն արդէն մէկ-երկու անգամ փորձած էր Մինսկի խումբի համանախագահներուն զուգահեռ կամ աւելի ճիշդ՝ անոնց հակառակ՝ վերակենդանացնել Մոսկուայի միջնորդութեամբ եռակողմ հանդիպումներուն փորձառութիւնը: Այս անգամ ալ յաջողութեան չհասաւ: Լաւրով ընդգծած է, որ հակամարտութեան կարգաւորման ուղղութեամբ բոլոր քայլերը Մոսկուան կը ձեռնարկէ Մինսկի խումբի միւս համանախագահներուն` Միացեալ Նահանգներու եւ Ֆրանսայի հետ մշակած սկզբունքային մօտեցումներուն համաձայն: «Մեր բոլոր քայլերը կը ձեռնարկենք Մինսկի խումբի համանախագահներուն ուղենշած հունով»,- ընդգծած է Սերգեյ Լաւրով: Մամետեարովին ալ յիշեցուցած է հետապրիլեան շրջանին ուղենշուած հունի կարեւոր բաղադրիչներէն մէկը. նախքան բովանդակային բանակցութիւններուն վերականգնումը` անհրաժեշտ է լարումը նուազեցնել ե՛ւ սահմանագիծի վրայ, ե՛ւ քաղաքական յայտարարութիւններու մէջ: Իսկ ասուլիսին վերջաբանը առաւել եւս Պաքուի սրտով չի կրնար ըլլալ: Շատ հարցերու մէջ կողմերը համաձայնութեան եկած են, բայց կան քանի մը վճռորոշ կէտեր, ուր համաձայնութիւն չկայ, այնպէս որ` հակամարտութիւնը մօտ ապագային լուծուած տեսնելու հեռանկար չեմ կանխատեսեր, ընդգծած է Սերգեյ Լաւրով: «Ասիկա ուրիշ բան չէ, քան իրականութեան արձանագրութիւն: Բնականաբար, երբ սահմանի վրայ կը կրակեն, երբ նացիստական, ես պիտի ըսէի՝ ցեղապաշտական յայտարարութիւններ կը հնչեն Պաքուէն, հակամարտութեան կարգաւորման մասին խօսիլը միամտութիւն է»,- կը մեկնաբանէ Դաւիթ Բաբայեան: Ի դէմ, այդ գնահատականը տուած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարը, երկիր որմէ ամենաշատը Պաքուէի կ’ակնկալեն գործընթացին արագացումը:
Ընդհանուր առմամբ` այս էր Մամեդեարովի Մոսկուա կատարած այցին արդիւնքը: Պատերազմի արտօնութիւն չկայ, Մոսկուան ալ կը միանայ հետաքննութեան կառուցակարգեր ներդնելու պահանջներուն, իսկ իրավիճակը փոխելու հեռանկար` չ’ուրուագծուիր:
Շաբթուան երկրորդ կիսուն` այս թեմայով յայտարարութիւները հնչեցին Եւրոպայի սրտէն: Պաշտօնական այցով Սերժ Սարգսեան կը գտնուէր Ֆրանսա: ՀՀ Նախագահի հետ համատեղ յայտարարութեան ժամանակ՝ Ֆրանսայի Նախագահ Ֆրանսուա Օլանտը հերթական անգամ շեշտած է, որ հակամարտութիւնը պէտք է ունենայ միայն խաղաղ լուծում եւ որ խաղաղ կարգաւորման գործընթացին մէջ Ֆրանսան պիտի շարունակէ իր ջանքերը` Մինսկի խումբի համանախագահութեան ծիրէն ներս: Փետրուարեան սրացումները հետաքննութեան կառուցակարգեր ներդնելու անհրաժեշտութեան մասին մէկ անգամ եւս խօսելու առիթ էին: Ֆրանսայի Նախագահը ոչ միայն խօսած է անհրաժեշտութեան մասին, այլեւ նպատակներուն: «Միջադէպերու հետաքննութեան կառուցակարգի առկայութեամբ կրնանք կանխարգիլել նման միջադէպերը եւ պատժել այն գործողութիւնները, որոնք հակառակ են խաղաղութեան: Ֆրանսան կ’ուզէ գտնել խնդիրին քաղաքական լուծումը»,- նշած է Ֆրանսուա Օլանտ: «Ասիկա, խոշոր հաշուով, նորութիւն չէ,- կը մեկնաբանէ Արցախի նախագահի տեղեկատուութեան գլխաւոր վարչութեան պետ Դաւիթ Բաբայեանը:- Վիեննայի եւ Փեթերզպուրկի մէջ կայացած հանդիպումերուն ժամանակ թեման օրակարգի վրայ եղած է. հրադադարի խախտումներու հետաքննութեան կառուցակարգերու ներդրման նպատակը այդ է: Սակայն, Օլանտը համանախագահ երկիրներու առաջնորդներէն առաջինն էր, որ բացէ ի բաց խօսեցաւ այդ մասին՝ յայտարարելով, որ խախտումներու մեղաւորը յայտնաբերելով՝ նաեւ պիտի պատժեն: Բնականաբար, ինչպէս Մոսկուայի, այնպէս ալ Փարիզի մէջ հնչած յայտարարութիւնները կրնանք դիտարկել իբրեւ համանախագահներու միասնական մօտեցում»:
Այս ամէնուն հաշուարկով` Մարտի երկրորդ շաբաթը քաղաքական առումով դժուար է յաջողած համարել Պաքուի համար: Իսկ սահմանագիծի վրայ ատիկա արտայայտուեցաւ խախտումներու թիւի նուազումով: Հաւանաբար ատիկա հայկական ուժերու փետրուարեան հակահարուածին արդիւնքն է, հաւանաբար Պաքուն այդպիսով կը փորձէ հետաքննութեան կառուցակարգերու ներդրման թեմային անհրաժեշտութիւնը չսրել: Հաւանական է` երկու գործօններն ալ ունեցած ըլլան իրենց դերը: Արդիւնքը իրավիճակի պահպանման անժամկէտ երկարաձգումն է, որուն համարժէք փոխարինում ուժային կեդրոնները չեն տեսներ ստեղծուած վիճակին մէջ: Նոյնինքն իրավիճակն ալ՝ այս պայմաններով՝ կը վերածուի տարածաշրջանի մէջ կայունութիւնը պահող տարրի, իսկ հայկական կողմը` այդ կայունութիւնը պահպանող ուժի, որ ըստ էութեան, արդէն նաեւ կայունութիւնը խախտողը պատժելու չգրուած հրամանագիր ունի:
Ստեփանակերտ
Leave a Reply
Լրահոս
-
29.09.2020
Մեր Յաղթանակը Այլընտրանք Չունի. Յայտարարութիւն
-
16.09.2020
Ռ.Ա.Կ. Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան Հանդիպումը Մտաւորական Ընկերներու Հետ
-
11.08.2020
Եւրոպական Խորհուրդի Նախագահ՝ Չարլզ Միշըլի Այցը Հաուըրտ Գարակէօզեան
-
11.08.2020
Հայաստան Հաստատուած Լիբանանահայերուն Ուշադրութեան
-
11.08.2020
Կառավարութիւնը Հրաժարեցաւ. Կը Մնայ Որ Խորհրդարանը Եւս Հրաժարի
-
10.08.2020
Ես Գիտեմ
-
10.08.2020
Հայաստանի Հանրապետութեան Պատուիրակութիւնը Լիբանանի Մէջ. Հանդիպում Վեհափառ
-
10.08.2020
Հայաստանի Հանրապետութեան Պատուիրակութիւնը Լիբանանի Մէջ. Հանդիպում Մամուլի
-
10.08.2020
Սեւրի Դաշնագրին 100րդ Տարեդարձին Առթիւ
-
10.08.2020
ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԱՅՍՕՐ. Սեւրի Դաշնագիր

