• London

  • Beirut

  • Moscow

  • Los Angeles

  • Paris

  • Sydney

  • Toronto

ՀՀ-ն Լիբանան Պիտի Ուղարկէ Դեղորայք, Բժշկական Սարքեր, Սնունդ եւ Այլ Պարագաներ․ Մանէ Գէորգեան

07.08.2020   09:42

ՀՀ կառավարութիւնը՝ Արտաքին գործոց նախարարութեան եւ Սփիւռքի գործերու գլխաւոր յանձնակատարի գրասենեակին միջոցով՝ մշտական կապի մէջ է Լիբանանի կառավարութեան եւ համայնքային կառոյցներու ղեկավարներու հետ՝ մեր երկրէն եղբայրական Լիբանանին օգնութիւն ցուցաբերելու նպատակով: Այս մասին կը տեղեկանանք վարչապետի մամուլի խօսնակ Մանէ Գէորգեանի Facebook-ի էջին կատարուած գրառումէն։

«Քննարկումներուն իբրեւ արդիւնք յստակացած են կարիքներու հիմնական ուղղութիւնները, որոնց ծիրէն ներս ՀՀ կառավարութիւնը թիրախային օգնութիւն պիտի հասցնէ Պէյրութ՝ ինչպէս կառավարական, այնպէս ալ համայնքային մակարդակով:

«Օժանդակութիւնը պիտի ըլլայ դեղորայքի, բժշկական սարքերու, սնունդի եւ այլ պարագաներու տեսքով: ՀՀ կառավարութեան օգնութիւնը տեղ պիտի հասնի հնարաւորինս արագ՝ յատուկ թռիչքով»,- գրած է վարչապետի խօսնակը:

 

Աջակցէ՛ ԶԱՐԹՕՆՔ-ին. Ապահովէ՛ Անոր Գոյերթը 

Share Button

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Լրատուութեան գործընկեր