Հայաստանի Մէջ Երիտասարդութիւնը Մեծ Դերակատարութիւն Ունի Իբրեւ Շարժիչ Ուժ. Տանէա Էսքար

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ –ԱՄՆ Քոլորատօ նահանգը հետաքրքուած է Հայաստանի հետ յարաբերութիւնները աշխուժացնելու հարցով: Այս մասին, ըստ Armenpress.am-ի, այսօր կայացած ասուլիսի մը ընթացքին, նշած է Քոլորատոյի նահանգային պատգամաւոր Տանէա Էսքար։
Պատգամաւորը, Հայաստան գտնուելու օրերուն, շարք մը հանդիպումներ ունեցած է բարձրաստիճան պաշտօնեաներու հետ՝ քննարկելու տարբեր ոլորտներու մէջ համագործակցութեան հնարաւորութիւնները:
«Շնորհակալութիւն լաւ ընդունելութեան համար, իսկապէս տպաւորուած ենք: Մենք հետաքրքրուած ենք շարք մը ոլորտներու մէջ համագործակցութեամբ, մասնաւորապէս, գիւղատնտեսութեամբ ու տեղեկատուական արհեստագիտութիւններով»,- ըսած է Տանէա Էսքար:
Պատգամաւորը առանձանայատուկ նշած է ԹՈՒՄՕ-ի օրինակը: Անոր խօսքով, պէտք է ձեւ մը գտնել, որ Քոլորատօ նահանգին մէջ եւս ԹՈՒՄՕ բացուի: Տանէա Էսքար նկատած է, որ տարբեր ոլորտներու մէջ մեծ դերակատարութիւն ունի երիտասարդութիւնը՝ իբրեւ շարժիչ ուժ:
«Ես շատ տպաւորուած եմ Հայաստանի վերջին ներքաղաքական իրադարձութիւններով: Թաւշեայ յեղափոխութիւնը կատարուեցաւ առանց մէկ կաթիլ արիւն թափելու: Կրնամ ըսել, որ հայերը թաւշեայ յեղափոխութեամբ ոչ միայն փոփոխութիւն բերին Հայաստանի մէջ, այլեւ՝ աշխարհի»,- ըսած է Տանէա Էսքար:
Leave a Reply
Լրահոս
-
07.12.2019
Հարիրի Կոչ Կ՛ուղղէ Օգնելու Լիբանանի Ներածումներուն
-
07.12.2019
Տեսանկիւն. Մարդաբանութեան Հետքերով...
-
07.12.2019
Ընկեր Փրոֆ. Հրայր Հովիւեանի Յիշատակին Նուիրուած Ձեռնարկ՝ Պէյրութի Վահան
-
07.12.2019
«Հիմա՛ Է Պահը Հասնելու Մեր Հայորդիներուն Ծով Կարիքներուն, Որպէսզի Անոնք
-
06.12.2019
Օր 50. Բողոքարարներ Ճամբաներ եւ Դպրոցներ Փակեցին
-
06.12.2019
«Զարթօնք»եան Հանդիպումներ. ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՏՆՏԵՍՈՒԹԻՒՆԸ ԴԷՊԻ Ո՞ՒՐ Դրամատնային
-
06.12.2019
ՌԱԿի Պատուիրակութիւնը Այցելեց Լիբանանի Մէջ ՀՀ Դեսպանին
-
05.12.2019
Վարչապետի Նշանակումի Համար Երեսփոխանական Խորհրդակցութիւնները Երկո՞ւշաբթի
-
05.12.2019
Կալկաթայի Հայոց Մարդասիրական Ճեմարանը Իւրօրինակ Կամուրջ Է Հայաստանի Եւ
-
05.12.2019
ԱՌԱՋՆՈՐԴԱԿԱՆ ՊԱՏԳԱՄ. ԵՐԱԽՏԱՊԱՐՏ ԵՆՔ ԱՐԱՄ Ա. ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ

