Հայաստանի Հանրապետութեան Նախագահը Կ’այցելէ Ապու Տապիի Ազգային Առաջնորդարան (լուսանկարներ)

Հինգշաբթի 17 Յունուար 2019-ին՝ երեկոյեան ժամը 18:00-ին, Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Ն. Գ. պրն. Արմէն Սարգսեան այցելեց Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու եւ Քաթարի Հայոց թեմի ազգային առաջնորդարանը:
Ազգային առաջնորդարանէն ներս պրն. նախագահը դիմաւորուեցաւ թեմի կաթողիկոսական փոխանորդ Գերշ. տ. Մեսրոպ եպս. Սարգիսեանի, թեմի ազգային երեսփոխանական եւ ազգային վարչութեանց անդամներուն կողմէ, ինչպէս նաեւ ներկայութեամբ ազգային կեդրոնական վարչութեան ատենապետի եւ խուռներամ բազմութեամբ:
Այցելութեան սկիզբը ծաղկեպսակ զետեղուեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան սրբադասուած նահատակներուն նուիրուած յուշարձան-խաչքարին դիմաց, ապա Սրբոց Նահատակաց եկեղեցիէն ներս տեղի ունեցաւ գոհաբանական աղօթք, որմէ ետք գերաշնորհ սրբազանն ու Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահը ուղղուեցան դէպի Սուրէն Գոժագեան սրահ: Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու եւ Հայաստանի Հանրապետութեան քայլերգերէն ետք ելոյթ ունեցաւ թեմիս կաթողիկոսական փոխանորդ Գերշ. տ. Մեսրոպ եպս. Սարգիսեանը, որ յանուն Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. կաթողիկոս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ, թեմի Ազգային իշխանութեան եւ հաւատաւոր ժողովուրդին ողջունեց վսեմաշուք պրն. նախագահը եւ անոր ընկերակցող պատուիրակութիւնը:
Սրբազան հայրը իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ մօտաւորապէս անցնող մէկ տարուան ընթացքին Ն. Գ. պրն. Արմէն Սարգսեանին արձանագրած յաջողութեանց մասին: Անդրադառնալով թաւշեայ յեղափոխութեան օրերուն՝ սրբազանը ըսաւ. «Հայաստանի արդի պատմութեան մէջ մեծատառ անուններով պիտի յիշուի ձեր ունեցած դերակատարութիւնը՝ յատկապէս վտանգէ հեռու պահելով Երեւանի փողոցները իջած հազարաւոր յեղափոխական ժողովուրդը»: Ապա սրբազան հայրը անդրադարձաւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու հայ գաղութին կողմէ Հայաստանի նկատմամբ ցուցաբերած պատրաստակամութեան՝ կառուցելով Ապու Տապիէն ներս Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանատունը, ինչպէս նաեւ անդրադարձաւ անոնց ունեցած Հաղարծին վանքի վերանորոգութեան աշխատանքին մէջ անոնց դերակատարութեան եւ ուրիշ շատ մը այլ անհատական թէ հաւաքական ներդրումներուն, զորս կատարած են հայրենիքի նկատմամբ:
Խօսքի աւարտին սրբազան հայրը յանուն գաղութին անգամ մը եւս պատրաստակամութիւն յայտնեց օգտակար դառնալու Հայաստանի Հանրապետութեան բարգաւաճութեան ու ծաղկումին: Ապա յաջողութիւն եւ իմաստուն ղեկավարութիւն մաղթեց Հայաստանի Հանրապետութեան ընդհանրապէս կառավարութեան ու յատկապէս նախագահին: Գերաշնորհ սրբազան հայրը իր խօսքը աւարտեց հետեւեալ նախադասութեամբ. «Մեզի համար որպէս սփիւռքահայ գաղութ հին կամ նոր Հայաստան գոյութիւն չունի, այլ կայ ազատ, անկախ եւ միացեալ հայրենիք՝ հզօր իր սփիւռքով, վրիժառու իր Արցախով եւ ապահով իր հայկական բանակով»:
Ապա ելոյթ ունեցաւ Հայաստանի Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Ն. Գ. պրն. Արմէն Սարգսեան, որ լայնօրէն անդրադարձաւ իր այցելութեան ու յատկապէս անոր ունեցած յաջող ընթացքին: Ան բարձրօրէն գնահատեց Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու հայ գաղութը, որ մեծ վաստակ եւ լաւ տպաւորութիւն ձգած է տարածաշրջանէն ներս: Վսեմաշուք նախագահը իր ելոյթին մէջ 21-րդ դարը բնորոշեց որպէս հայ ժողովուրդի յաջողութեան դար՝ մատնանշելով, որ հայութիւնը Աստուծոյ ընտրեալ ժողովուրդն է:
Այցելութեան աւարտին տեղի ունեցան նուէրներու փոխանակում, ապա պրն. նախագահը ընկերակցութեամբ իր պատուիրակութեան շրջեցան Արա Խանոյեան Ազգային միօրեայ վարժարանը:
Leave a Reply
Լրահոս
-
21.02.2019
Հայ Ժողովուրդը Պարտադրուած Պատերազմին Պաշտպանեց Իր Հողն ու Պատմութիւնը.
-
21.02.2019
Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի Ցաւակցական Խօսքը Լուիզ
-
21.02.2019
Ազրպէյճանի Իշխանութիւնը Արգիլած Է Ընդդիմութեան Հանրահաւաքը
-
21.02.2019
Մենք Հայերը Ետ Չենք Ուղարկեր Այստեղէն. Էրտողան
-
21.02.2019
Թուրքիոյ Մէջ Կը Խոստանան Վերանորոգել Տիարպեքիրի Սուրբ Կիրակոս Հայկական
-
21.02.2019
Մենք Հաւատարիմ Ենք Հայաստանի Եւ Արցախի Բռնած Ազատութեան Ճամբուն. Փաշինեանի
-
21.02.2019
Արմէն Սարգսեան Ցաւակցական Հեռագիր Յղած Է Բարերար Լուիզ Մանուկեան-Սիմոնի
-
21.02.2019
ՀԲԸՄ-Ը ԿԸ ՍԳԱՅ ԻՐ ՍԻՐԵԼԻ ՆԱԽԱԳԱՀԻՆ ԵՒ ՂԵԿԱՎԱՐԻՆ՝ ԼՈՒԻԶ ՄԱՆՈՒԿԵԱՆ ՍԻՄՈՆԻ
-
21.02.2019
Նախնական Եւ Անմիջական Բուժումի Փորձառական Գիտելիքներ (լուսանկարներ)
-
21.02.2019
Աուն Կը Մերժէ Սուրիացի Գաղթականներու Տունդարձը Պայմանաւորել Սուրիոյ

