Հայկական Բանակը Իր Կառոյցին Մէջ Գիտական Վաշտ Պիտի Ունենայ

Հայաստանի կառավարութեան քննարկման ներկայացուած է որոշման նախագիծ մը, որուն հաստատումով առանձնակի յաջողութիւններու հասած երիտասարդներ զինուորական ծառայութենէ ժամանակաւորապէս պիտի ազատուին:
Ըստ «Երկիր Մետիա»-ի՝ Ազգային ժողովին մէջ Ապրիլ 11 -ին այս նախագիծին մասին խօսեցաւ Պաշտպանութեան նախարարի պաշտօնակատար Վիգէն Սարգսեան՝ պատասխանելով «Ելք» խմբակցութեան պատգամաւոր Գէորգ Գորգիսեանի հարցումին:
«Յառաջիկայ նիստերէն մէկուն մէջ նախագիծը կառավարութեան որոշման տեսքով պիտի ընդունուի: Նախագիծին մէջ եղած չափորոշիչները կարելի է հիմք ընդունիլ»,– ըսաւ Վիգէն Սարգսեան:
Նախարարի պաշտօնակատարը աւելցուց, որ գործնական քայլերու կը ձեռնարկուին զինուած ուժերու կառոյցին մէջ գիտական վաշտ ձեւաւորելու ուղղութեամբ՝ այն նորակոչիկներուն համար, որոնք իրենց գիտելիքները կրնան ծառայեցնել զինուած ուժերու հարցերու լուծման:
Մեկնաբանել
Լրահոս
-
20.04.2018
Հոլանտացի Նախարարը Երեւան Պիտի Ժամանէ՝ Մասնակցելու Հայոց Ցեղասպանութեան
-
20.04.2018
Պաշտպանութեան Բանակը Համալրուած Է Նոր Զրահամեքենաներով. Նախագահ Սահակեան
-
20.04.2018
Երիտասարդները Չորս Ուղղութիւններով Քայլարշաւ Պիտի Կատարեն Դէպի Բերդաքաղաք
-
20.04.2018
Ցեղասպանութեան Յուշարձանը Բացասականօրէն Պիտի Ազդէ Թուրք-զուիցերիական
-
20.04.2018
Հայու Արիւնը Ապացուցող Շտեմարանը Կրնայ Քաղաքական Ռումբ Դառնալ Թուրքիոյ Մէջ
-
20.04.2018
Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի Ուղերձը
-
20.04.2018
«Հայաստանը Ուժ Տուաւ Ինծի». Ալինա Սամուէլեան
-
20.04.2018
Մարդոց Իրաւունքները Առաջնակարգ Են, Սակայն Պէտք Է Իրականացուին
-
20.04.2018
Հայաստանի Նախագահը Ստորագրած Է ՀՀ-ԵՄ Համաձայնագիրը Վաւերացնելու Մասին
-
20.04.2018
ՀԵԸ Անդրանիկ-Անթիլիաս Սկաուտական Շարժումի Միօրեայ Այցելութիւնը Զահլէ

