• London

  • Beirut

  • Moscow

  • Los Angeles

  • Paris

  • Sydney

  • Toronto

Արցախի Պաշտպանութեան Նախարարը Խորհրդակցութիւն Կատարած Է Բանակին Վերաբերող Հարցերու Շուրջ

01.05.2017   20:49

Արցախի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութեան մամլոյ ծառայութիւնը կը հաղորդէ, թէ 27 Ապրիլին Արցախի Հանրապետութեան պաշտպանութեան բանակի հրամանատար, հազարապետ-զօրավար Լեւոն Մնացականեանը հրաւիրած է ծառայողական խորհրդակցութեան, մասնակցութեամբ՝ բանակի հրամանատար տեղակալներու, շտապի բաժիններու եւ ծառայութեան պետերու:

Խորհրդակցութեան ընթացքին քննարկուած են համաբանակային նշանակութեան ընթացիկ եւ յառաջիկայ ընելիքները, որոնց վերաբերեալ բանակի հրամանատարը տուած է անհրաժեշտ ցուցմունքներ եւ յանձնարարականներ:

Share Button

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Լրատուութեան գործընկեր