Թաներ Աքչամի Նոր Բացայայտումը

«Նիւ Եորք Թայմզ» օրաթերթը, յօդուած մը հրապարակելով՝ կը ներկայացնէ Քլարք համալսարանի դասախօս, թուրք պատմաբան Թաներ Աքչամը եւ կը նշէ. «Աւելի քան մէկ դար Թուրքիա կը հերքէ հայոց կոտորածներու կազմակերպման գործին մէջ իր դերակատարութիւնը՝ առարկելով, որ յետ-պատերազմեան դատավարութիւններու ընթացքին քննուած փաստաթուղթերու բնօրինակները չկան»։ Թերթը կ՛աւելցնէ, որ Աքչամ յայտնաբերած է փաստաթուղթեր, որոնք կը հաստատեն թրքական պետութեան մեղաւորութիւնը:
Ըստ ԱՄՆ-ի «Ասպարէզ» օրաթերթին՝ «Նիւ Եորք Թայմզ»-ը կը գրէ, որ թուրք պատմաբանը արժէքաւոր փաստաթուղթեր յայտնաբերած է Երուսաղէմի Հայոց պատրիարքարանին մէջ: Խօսքը կը վերաբերի այն հեռագիրին, որուն հիմամբ Պեհաէտտին Շաքիրի դէմ դատավճիռ արձակուած է: Ապա, այլ փաստաթուղթերու նման անհետացած է արխիւներէն՝ ստիպելով հետազօտողներուն յոյսը դնել միայն օսմանեան պաշտօնաթերթերու ամփոփումներուն վրայ:
Թուրք պատմաբանը յոյս ունի հաւաքագրելու բոլոր անհետացած ապացոյցները եւ փաստ առ փաստ ներկայացնելու զանոնք՝ ընդդէմ Թուրքիոյ ժխտողականութեան: «Իմ խորին համոզումը իբրեւ թուրք այն է, որ ժողովրդավարութիւնն ու մարդու իրաւունքները Թուրքիոյ մէջ կրնան հաստատուիլ միայն դէմ յանդիման գալով պատմութեան հետ եւ պատմական մեղքերը ճանչնալով», ըսած է Աքչամ:
Leave a Reply
Լրահոս
-
29.09.2020
Մեր Յաղթանակը Այլընտրանք Չունի. Յայտարարութիւն
-
16.09.2020
Ռ.Ա.Կ. Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան Հանդիպումը Մտաւորական Ընկերներու Հետ
-
11.08.2020
Եւրոպական Խորհուրդի Նախագահ՝ Չարլզ Միշըլի Այցը Հաուըրտ Գարակէօզեան
-
11.08.2020
Հայաստան Հաստատուած Լիբանանահայերուն Ուշադրութեան
-
11.08.2020
Կառավարութիւնը Հրաժարեցաւ. Կը Մնայ Որ Խորհրդարանը Եւս Հրաժարի
-
10.08.2020
Ես Գիտեմ
-
10.08.2020
Հայաստանի Հանրապետութեան Պատուիրակութիւնը Լիբանանի Մէջ. Հանդիպում Վեհափառ
-
10.08.2020
Հայաստանի Հանրապետութեան Պատուիրակութիւնը Լիբանանի Մէջ. Հանդիպում Մամուլի
-
10.08.2020
Սեւրի Դաշնագրին 100րդ Տարեդարձին Առթիւ
-
10.08.2020
ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԱՅՍՕՐ. Սեւրի Դաշնագիր

