«Սփիւռք» Ամառնային Դպրոցի Մասնակիցները Հիւրընկալուեցան Սփիւռքի Նախարարութիւն

Յուլիս 30-ին ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան նախաձեռնութեամբ իրականացուող «Սփիւռք» ամառնային դպրոցի լրագրողներու, Սփիւռքի հայկական կրթօջախներու ուսուցիչներու վերապատրաստման, երիտասարդ առաջնորդներու, համայնքային գործի կազմակերպիչներու, հայոց լեզուի արագացուած դասընթացներու մասնակիցները հանդիպում ունեցան նախարար Հրանոյշ Յակոբեանի հետ:
Ողջունելով ներկաները՝ նախարարը շնորհակալութիւն յայտնեց ամառնային դպրոցի մասնակիցներուն նախարարութեան ծրագրերուն մասնակցելու համար: «Ես հաւատում եմ, որ այս օրերը որ անցկացրիք Հայաստանում, այն գիտելիքները, որ ձեռք բերեցիք դասընթացներին մասնակցելով՝ օգտակար կը լինեն ձեր համայնքներում կեանքը կազմակերպելու, աշխուժացնելու համար: Կարեւոր է, որ այսուհետ աւելի լաւ կճանաչէք Հայրենիքը, կ’ընդլայնէք կապերը միւս համայնքների հետ», – ըսաւ ան:
Նախարարը մասնաւորապէս նշեց, որ նախարարութեան ծրագրերը Սփիւռքի մեր հայրենակիցներուն ոչ միայն Հայաստանը տեսնելու, հայերէն սորվելու, այլեւ հայու ինքնութեան ամրապնդման, ազգային խնդիրները միջազգային հանրութեան ներկայացնելու եւ համախմբուած գործունէութիւն ծաւալելու հնարաւորութիւն կ’ընձեռեն, կը նպաստեն Հայաստան-Սփիւռք գործակցութեան զարգացման:
Ցուցադրուեցաւ նախարարութեան ծրագրերու մասին պատմող տեսաֆիլմ, ուր նախարարը տուաւ սփիւռքի սահմանումը, խօսեցաւ նախարարութեան քաղաքականութեան իրականացման գործիքներու ու հայապահպանութեան խնդիրները լուծելու առաջնահերթութիւններու մասին:
Նախարարը պատասխանեց մէկօրեայ դպրոցներու, դասագիրքերու առաքման, պիզնեսի հարկերու, իսլամացած հայերու վերաբերեալ ներկաներու հարցերուն:
Ամփոփելով հարց-պատասխանը, նախարարը նշեց. «Դուք դրսում ձեր խելքով, վարքով, աշխատասիրութեամբ հայի պատիւն էք բարձրացնում», – եւ աւելցուց. «Որքան Սփիւռքը ուժեղ լինի, ոչ թէ մեծ, այլ ուժեղ, մեր պատիւն է: Արցախը մեր խիղճն է, ոգին: Հայաստանը մեր յոյսը, մեր հաւատն է, որի շուրջը մեր պատիւն ու խիղճը պիտի համախմբուեն»:
«Սփիւռք» ամառնային դպրոցի վեց ուղղութիւններու դասընթացներուն կը մասնակցի 220 –է աւելի սփիւռքահայ երիտասարդ Ռուսաստանի, Ուքրանիոյ, ԱՄՆ-ի, Աւստրալիոյ, Իրանի, Շուէտի, Պելֆիքայի, Ուրուկուէյի, Իտալիոյ, Վրաստանի հայկական համայնքներէն:
Leave a Reply
Լրահոս
-
29.09.2020
Մեր Յաղթանակը Այլընտրանք Չունի. Յայտարարութիւն
-
16.09.2020
Ռ.Ա.Կ. Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան Հանդիպումը Մտաւորական Ընկերներու Հետ
-
11.08.2020
Եւրոպական Խորհուրդի Նախագահ՝ Չարլզ Միշըլի Այցը Հաուըրտ Գարակէօզեան
-
11.08.2020
Հայաստան Հաստատուած Լիբանանահայերուն Ուշադրութեան
-
11.08.2020
Կառավարութիւնը Հրաժարեցաւ. Կը Մնայ Որ Խորհրդարանը Եւս Հրաժարի
-
10.08.2020
Ես Գիտեմ
-
10.08.2020
Հայաստանի Հանրապետութեան Պատուիրակութիւնը Լիբանանի Մէջ. Հանդիպում Վեհափառ
-
10.08.2020
Հայաստանի Հանրապետութեան Պատուիրակութիւնը Լիբանանի Մէջ. Հանդիպում Մամուլի
-
10.08.2020
Սեւրի Դաշնագրին 100րդ Տարեդարձին Առթիւ
-
10.08.2020
ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԱՅՍՕՐ. Սեւրի Դաշնագիր

