Մխիթարեան Միաբանութեան Սեւրի Սամուէլ Մուրատեան Վարժարանի եւ Մշակութային Կեդրոնի Հիմնադրման 180-ամեակը Երեւանի Մէջ

Յուլիս 25-ին ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան դահլիճին մէջ տեղի ունեցաւ Մխիթարեան Միաբանութեան Սեւրի Սամուէլ Մուրատեան վարժարանի եւ մշակութային կեդրոնի հիմնադրման 180-ամեակին նուիրուած ձեռնարկ, որուն ներկայ էր նաեւ Մխիթարեան միաբանութեան անդամ, վարժարանի տնօրէն Յարութիւն վարդապետ Պզտիկեանը: Այս մասին կը հաղորդէ ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան մամուլի ծառայութիւնը:
Նախարար Հրանոյշ Յակոբեան շնորհաւորեց Մխիթարեանները վարժարանի 180-ամեակին առիթով` նշելով, որ հեռատես գտնուելով` Մխիթարեանները 180 տարի առաջ հիմնեցին այս դպրոցը` գլխաւոր սկզբունք դարձնելով հայ հաւատքի, կրթութեան, մշակոյթի եւ լեզուի պահպանումը: Աշխարհի տարբեր երկիրներու մէջ ստեղծուած են նմանատիպ 36 դպրոցներ, որոնց հազարաւոր սաներ բոլոր ժամանակներուն եղած են անուանի մտաւորականներ, հասարակական-քաղաքական, մշակութային գործիչներ, գիտնականներ: Նախարար Հրանոյշ Յակոբեան բարձր գնահատեց Ֆրանսայի Օ տէ Սենի մարզպետ, Ֆրանսայի Ազգային Ժողովի պատգամաւոր, հայ Փաթրիք Տեւեճեանի մեծ աջակցութիւնը այս վարժարանին, որուն շրջանաւարտն է ինք: Նախարարը նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց Մխիթարեաններու իրական ժառանգորդ Յարութիւն վարդապետ Պզտիկեանին՝ վարժարանի գործունէութեան մէջ ունեցած մեծ վաստակին համար, որ իր երկարամեայ գործունէութեան ընթացքին եւ այսօր եւս մեծ պատիւ ու հեղինակութիւն կը բերէ: Ֆրանսական կառավարութիւնը աւանդաբար մեծ կարեւորութիւն տուած է եւ կու տայ այս վարժարանին:
Սեւրի կեդրոնի 180-ամեայ գործունէութեան համառօտ պատմութիւնը ներկայացուց Յարութիւն վարդապետ Պզտիկեան:
Հայ մշակոյթի պահպանման գործին մէջ Մխիթարեաններու դպրոցի դերի մասին պատմեցին եւ 180-ամեակին առթիւ շնորհաւորեցին Արմէն Տէր-Ստեփանեանը Մ.Մաշտոցի անուան Մատենադարանէն եւ ՀՀ ԳԱԱ գրականութեան ուսումնարանի փոխտնօրէն Վարդան Դեւրիկեանը:
Ձեռնարկին ցուցադրուեցաւ ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան պատուէրով նկարահանուած Սեւրի կեդրոնի 180-ամեայ պատմութիւնը ներկայացնող տեսաերիզ, տեղի ունեցաւ կեդրոնի պատմութիւնը լուսաբանող լուսանկարներու, գիրքերու եւ Մխիթարեաններու վարժարաններու նշանաւոր սաներու մասին արխիւային այլ նիւթերու ցուցադրութիւն:
Հնչեցին Մխիթար Աբբահօր շարականներ, Ղեւոնդ Ալիշանի եւ Մկրտիչ Պէշիկթաշլեանի ստեղծագործութիւնները ներկայացուցին Մեսրոպ Մաշտոցի անուան խօսքի մշակոյթի կեդրոնի սաները:
Leave a Reply
Լրահոս
-
29.09.2020
Մեր Յաղթանակը Այլընտրանք Չունի. Յայտարարութիւն
-
16.09.2020
Ռ.Ա.Կ. Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան Հանդիպումը Մտաւորական Ընկերներու Հետ
-
11.08.2020
Եւրոպական Խորհուրդի Նախագահ՝ Չարլզ Միշըլի Այցը Հաուըրտ Գարակէօզեան
-
11.08.2020
Հայաստան Հաստատուած Լիբանանահայերուն Ուշադրութեան
-
11.08.2020
Կառավարութիւնը Հրաժարեցաւ. Կը Մնայ Որ Խորհրդարանը Եւս Հրաժարի
-
10.08.2020
Ես Գիտեմ
-
10.08.2020
Հայաստանի Հանրապետութեան Պատուիրակութիւնը Լիբանանի Մէջ. Հանդիպում Վեհափառ
-
10.08.2020
Հայաստանի Հանրապետութեան Պատուիրակութիւնը Լիբանանի Մէջ. Հանդիպում Մամուլի
-
10.08.2020
Սեւրի Դաշնագրին 100րդ Տարեդարձին Առթիւ
-
10.08.2020
ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԱՅՍՕՐ. Սեւրի Դաշնագիր

