• London

  • Beirut

  • Moscow

  • Los Angeles

  • Paris

  • Sydney

  • Toronto

ՇՆՈՐՀԱՒՈՐԱԳԻՐ

04.03.2016   22:05

04.03.2016

Ընկեր Հրաչ Սեփեթճեան
Գլխաւոր Խմբագիր
«Նոր Օր» Շաբաթաթերթի
Լոս Անճելըս – ԱՄՆ

Սիրելի ընկեր Սեփեթճեան,

Սրտանց կը շնորհաւորեմ նոր պաշտօնդ, որպէս մեր սիրելի կուսակցութեան Արեւմտեան Ամերիկայի օրկանին գլխաւոր խմբագիրը: Ուրախ եմ, որ քեզի պէս երիտասարդ եւ տեսլապաշտ ուժ մը յանձն կ՛առնէ «Նոր Օր»ը, որուն բովանդակութեան ու ձեւին մէջ փոփոխութիւնը պատասխանատուութիւն ստանձնելուդ առաջին օրէն իսկ զգալի է այսօր:

Մեր նախկին պաշտօնակիցին՝ Ընկեր Յակոբ Մարտիրոսեանին երէկ տարածած հաճելի ե-նամակը, որ  պաշտօնակիցներուն ու աշխատակիցներուն կը տեղեկացնէ կատարուած փոփոխութիւնը  (որ սովորական պայմաններու մէջ աւելի քան բնական երեւոյթ պէտք է ըլլայ), մարդկային արժէքներու անկումի այս օրերուն չափազանց գնահատելի է:

Շատ ուրախ եմ, որ սերնդափոխութեան այս քայլը ըստ երեւոյթին հեզասահ եղած է քու պարագայիդ: Վստահ եմ, որ այս մէկը քեզի շատ աւելի կ՛օգնէ կեդրոնանալու շինիչ աշխատանքիդ վրայ:

Յաջողութիւն քեզի եւ աւելի եւս վերելք «Նոր Օր»ին:

Ընկերական գործակցութեան ու փորձառութիւններու փոխանակման լաւագոյն մաղթանքներով

Սիրով՝

Սեւակ Յակոբեան
Գլխաւոր Խմբագիր
«Զարթօնք» Օրաթերթի

 

Share Button

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Լրատուութեան գործընկեր