Ֆրանսայի Նախագահը Լիբանանցիներուն Ըսաւ. «Լիբանան Առանձին Չէ»… Մինչ Քաղաքական Ղեկավարութիւնը Պախարակելով Ըսաւ. «Բարեփոխումներ Կատարեցէ՛ք Կամ Ընկղմեցէ՛ք…» Էմանուէլ Մաքրոն Պէյրութ Ժամանեց

Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն երէկ Պէյրութ ժամանեց։
Մաքրոն Պէյրութի օդակայանին մէջ դիմաւորուեցաւ նախագահ Միշէլ Աունին կողմէ։
Ֆրանսացի ղեկավարը, որ կարճ խօսքով հանդէս եկաւ խօսելով լրագրողներուն հետ նշեց, որ Ֆրանսան ինչպէս երէկ այսօր եւս Լիբանանին եւ լիբանանցիներուն կողքին է. ան մասնաւորապէս ըսաւ «այս ծանրակշիռ դէպքին առաջին զոհը Լիբանանի ժողովուրդն է ու մենք այստեղ ենք մեր նիւթական եւ բարոյական նեցուկը ցոյց տալու աղէտահար Լիբանանին եւ լիբանանցի ժողովուրդին»։
Ֆրանսայի նախագահը նաեւ կարեւորեց տնտեսական բարեփոխումներ կատարելու կարեւորութիւնը յստակեցնելով, որ առանց այդ բարեփոխումներուն Լիբանան պիտի շարունակէ նահանջել։
Նշենք, որ Մաքրոն Պէյրութ հասնելուն պէս թուիթըրեան գրառում մը կատարեց գրելով ՝ «Լիբանանն առանձին չէ…»։
Իր ժամանումէն անմիջապէս ետք ան ուղղուեցաւ Պէյրութի փլատակ թաղամասերը շրջելու ուր ան ժողովրդային ջերմ ընդունելութեան արժանացաւ: Ժողովուրդը մեծ վրդովմունք ներկայացուց Ֆրանսայի նախագահին իր դժգոհութիւնը յայտնելով երկրին քաղաքական փտած եւ անպատասխանատու ղեկավարութեան հանդէպ:
Ապա Մաքրոն Պաապտայի նախագահական պալատին մէջ հանդիպում ունեցաւ երկրին քաղաքական կողմերուն հետ, քննարկելու համար Լիբանանի վերջին զարգացումները եւ երկիրը տագնապէն դուրս բերելու ընդհանուր միջոցները։ Ան պախարակեց ներկայ իշխանութիւնը եւ լիաբերան ըսաւ «բարեփոխումներ կատարեցէք կամ ընկղմեցէք»:
Leave a Reply
Լրահոս
-
29.09.2020
Մեր Յաղթանակը Այլընտրանք Չունի. Յայտարարութիւն
-
16.09.2020
Ռ.Ա.Կ. Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան Հանդիպումը Մտաւորական Ընկերներու Հետ
-
11.08.2020
Եւրոպական Խորհուրդի Նախագահ՝ Չարլզ Միշըլի Այցը Հաուըրտ Գարակէօզեան
-
11.08.2020
Հայաստան Հաստատուած Լիբանանահայերուն Ուշադրութեան
-
11.08.2020
Կառավարութիւնը Հրաժարեցաւ. Կը Մնայ Որ Խորհրդարանը Եւս Հրաժարի
-
10.08.2020
Ես Գիտեմ
-
10.08.2020
Հայաստանի Հանրապետութեան Պատուիրակութիւնը Լիբանանի Մէջ. Հանդիպում Վեհափառ
-
10.08.2020
Հայաստանի Հանրապետութեան Պատուիրակութիւնը Լիբանանի Մէջ. Հանդիպում Մամուլի
-
10.08.2020
Սեւրի Դաշնագրին 100րդ Տարեդարձին Առթիւ
-
10.08.2020
ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԱՅՍՕՐ. Սեւրի Դաշնագիր

