• London

  • Beirut

  • Moscow

  • Los Angeles

  • Paris

  • Sydney

  • Toronto

Լիբանան Արթնցաւ Ահաւոր Տեսարանով Մը Արտակարգ Իրավիճակ Երկրին Մէջ Ֆրանսայի Նախագահը Այսօր Պէյրութ Կ’այցելէ

06.08.2020   09:41

Երէկ առաւօտեան՝ աղէտի հետեւանքները աւելի յստակ երեւցան արեւի լոյսին տակ: Լիբանան արթնցաւ ահաւոր տեսարանով մը: Պէյրութի պայթումը աշխարհը ցնցեց: Բազմաթիւ երկիրներ աջակցութեան ձեռք մեկնեցին:

Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն այսօր Պէյրութ կը հասնի: Այս մասին տեղեկութիւնը տուաւ Էլիզէի բանբերը:

Նախագահ Մաքրոն Պէյրութի մէջ հանդիպում պիտի ունենայ Լիբանանի քաղաքական տարբեր կողմերու հետ եւ քննարկէ վերջին զարգացումները:

Յիշեցնենք, որ միջազգային հանրութիւնը եւս ուշի ուշով կը հետեւի Պէյրութի զարգացումներուն, նախորդ օր տեղի ունեցած մեծ պայթումին լոյսին տակ:

Պայթումին հետեւանքով մինչեւ այս պահը զոհուած են հարիւրէ աւելի քաղաքացիներ, որոնց մէջ հաստատուած են 11 հայորդիներու սպանութիւնը: Վիրաւորներու ընդհանուր թիւը հասաւ 4000-ի: Կան մեծ թիւով անյայտ կորածներ:

Յիշեցնենք, որ 4 Օգոստոսի երեկոյեան Պէյրութի նաւահանգիստին մէջ որոտաց հզօր պայթում մը:

Պէյրութի նահանգապետը Լիբանանի մայրաքաղաքը յայտարարեց  աղէտեալ քաղաք: Պայթումի վնասները աննախադէպ են: 

 

Աջակցէ՛ ԶԱՐԹՕՆՔ-ին. Ապահովէ՛ Անոր Գոյերթը  

Share Button

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Լրատուութեան գործընկեր