• London

  • Beirut

  • Moscow

  • Los Angeles

  • Paris

  • Sydney

  • Toronto

Լիբանանահայութիւնը Տուաւ 11 Զոհ

06.08.2020   09:42

Վերջին տուեալներով, Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին զոհ գացած են 11 հայորդիներ: 250 հայորդի ալ տարբեր աստիճանի վնասուածքներ ստացած են պայթումին հետեւանքով: Հայ զոհերը եղած են Լիբանանի զանազան շրջաններու բնակիչներ, սակայն պայթումի պահուն եղած են քաղաքի կեդրոնը, որ շատ մօտ է ծովափին: 

Հայ զոհերու մեծ մասին անունները արդէն յայտնի են. Նազար Նաճարեան, Ճեսիքա Պէզճեան, Տելիա Փափազեան, Ժագ Փարամագեան, Անահիտ Պէրպէրեան, Լիզա Գաւուքճեան-Կէօզըպէօյուքեան, Վարուժան Թոսունեան, Կայա Ֆուտուլեան, Սարգիս Թէքիրեան: Կան նաեւ անհետ կորած հայեր, որոնցմէ թէ՛ հարազատները, թէ՛ իրաւապահները դեռ ոչ մէկ տեղեկութիւն ունին: 

 

Աջակցէ՛ ԶԱՐԹՕՆՔ-ին. Ապահովէ՛ Անոր Գոյերթը  

Share Button

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Լրատուութեան գործընկեր