Անհոգութիւն եւ Փտածութիւն Թէ Թշնամական Յարձակում. Արդիւնքը Միեւնոյնն Է՝ Պետութիւնը Ձախող Է Պէյրութն Ալ Փլատակ Ահաւոր Պայթում Նաւահանգիստին Մէջ. Աւելի Քան 60 Զոհ եւ 3000 Վիրաւոր

Երէկ երեկոյեան Պէյրութը ցնցած պայթումին հետեւանքով զոհուած են աւելի քան 50 անձ եւ վիրաւորուած՝ 2500 հոգի:
Ինչ կը վերաբերի պայթումին պատճառած նիւթական վնասներուն, ապա վնասուած են ոչ միայն Պէյրութի նաւահանգիստի շրջանը, այլ անոր շրջակայքի արուարձանները ինչպէս՝ Պէյրութի կեդրոնական շրջանը, Ժըմմէյզի, Մար Մըխայէլ, Քարանթինա , Էշրէֆիէ, Պուրճ Համուտ եւ Տորա շրջանները։
Պայթումին ուժգնութեան պատճառով կարգ մը շրջաններ դարձած են անճանաչելի։
Նշենք,որ Պէյրութը ցնցած պայթումին իրական պատճառները ցարդ յստակ չեն եւ այդ մասին շրջանառութեան մէջ դրուած են մի քանի վարկածներ ինչպիսին եւ պայթուցիկ նիւթերով լեցուն պահեստանոցի մէջ հրդեհ ապա որպէս անոր հետեւանք՝ պայթում: Իսրայէլեան պատերազմական օդանաւի յարձակում զէնքի պահեստանոցի վրայ: Տարիներէ ի վեր այնտեղ պահուած քիմիական նիւթերու ինչ, որ պատճառով պայթում:
Առողջապահութեան նախարարութիւնը կոչ ուղղեց հիւանդանոցներուն՝ արագօրէն ընդունիլ բոլոր վիրաւորները։
Ուշագրաւ վկայութիւն մը տալով, Պէյրութի մէջ AFP-ի լրագրողը:
Նշենք, որ զոհերուն մէջ է նաեւ լիբանանահայ քաղաքական գործիչ՝ «Փաղանգաւոր» կուսակցութեան, ընդհանուր քարտուղար՝ Նազար Նաճարեանը։ Վիրաւորներուն մէջ կան մեծ թիւով հայ քաղաքացիներ:
Leave a Reply
Լրահոս
-
29.09.2020
Մեր Յաղթանակը Այլընտրանք Չունի. Յայտարարութիւն
-
16.09.2020
Ռ.Ա.Կ. Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան Հանդիպումը Մտաւորական Ընկերներու Հետ
-
11.08.2020
Եւրոպական Խորհուրդի Նախագահ՝ Չարլզ Միշըլի Այցը Հաուըրտ Գարակէօզեան
-
11.08.2020
Հայաստան Հաստատուած Լիբանանահայերուն Ուշադրութեան
-
11.08.2020
Կառավարութիւնը Հրաժարեցաւ. Կը Մնայ Որ Խորհրդարանը Եւս Հրաժարի
-
10.08.2020
Ես Գիտեմ
-
10.08.2020
Հայաստանի Հանրապետութեան Պատուիրակութիւնը Լիբանանի Մէջ. Հանդիպում Վեհափառ
-
10.08.2020
Հայաստանի Հանրապետութեան Պատուիրակութիւնը Լիբանանի Մէջ. Հանդիպում Մամուլի
-
10.08.2020
Սեւրի Դաշնագրին 100րդ Տարեդարձին Առթիւ
-
10.08.2020
ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԱՅՍՕՐ. Սեւրի Դաշնագիր

