Նիւ Եորքի Մէջ Մէկ Շաբաթով «Պարէտային Ժամ» Յայտարարուած Է

ԱՄՆ Նիւ Եորք քաղաքին մէջ երէկ երեկոյեան մեկնարկած պարէտային ժամը պիտի շարունակուի մինչեւ շաբթուայ վերջ: CNN-ի փոխանցմամբ՝ այս մասին յայտարարած է Նիւ Եորքի քաղաքապետ Պիլ տե Պլազիոն:
Պարէտային ժամ սահմանուած է ամէն օր 20:00-էն մինչեւ 05:00-ը: «Մենք չենք հանդուրժեր որեւէ բռնութիւն: Մենք չենք հանդուրժեր ոստիկաններու նկատմամբ յարձակումները: Մենք չենք հանդուրժեր ատելութեան սերմանումը»,- ըսած է Պլազիոն:
Յիշեցնենք, որ ԱՄՆ շարք մը քաղաքներու մէջ պարէտային ժամ սահմանուած է՝ պայմանաւորուած սեւամորթ Ճորճ Ֆլոյտի սպանութենէն ետք փողոց դուրս եկած ցուցարարներու բազմութեամբ, որոնք նաեւ անկարգութիւններ եւ աւերածութիւններ կ’իրականացնեն փողոցներուն մէջ:
Ճորճ Ֆլոյտ անունով սեւամորթ տղամարդը ձերբակալութեան ժամանակ խեղդամահ ըրած է Մինեապոլիսի ոստիկանութեան նախկին սպայ Տերեք Չաուվինը, որ այժմ ձերբակալուած է: Հազարաւոր ցուցարարներ տարբեր քաղաքներու մէջ կը պահանջեն խստագոյնս պատժել Չաուվինը:
Leave a Reply
Լրահոս
-
29.09.2020
Մեր Յաղթանակը Այլընտրանք Չունի. Յայտարարութիւն
-
16.09.2020
Ռ.Ա.Կ. Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան Հանդիպումը Մտաւորական Ընկերներու Հետ
-
11.08.2020
Եւրոպական Խորհուրդի Նախագահ՝ Չարլզ Միշըլի Այցը Հաուըրտ Գարակէօզեան
-
11.08.2020
Հայաստան Հաստատուած Լիբանանահայերուն Ուշադրութեան
-
11.08.2020
Կառավարութիւնը Հրաժարեցաւ. Կը Մնայ Որ Խորհրդարանը Եւս Հրաժարի
-
10.08.2020
Ես Գիտեմ
-
10.08.2020
Հայաստանի Հանրապետութեան Պատուիրակութիւնը Լիբանանի Մէջ. Հանդիպում Վեհափառ
-
10.08.2020
Հայաստանի Հանրապետութեան Պատուիրակութիւնը Լիբանանի Մէջ. Հանդիպում Մամուլի
-
10.08.2020
Սեւրի Դաշնագրին 100րդ Տարեդարձին Առթիւ
-
10.08.2020
ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԱՅՍՕՐ. Սեւրի Դաշնագիր

