Սեւամորթ Քաղաքացիի Դաժան Սպանութենէն Ետք ԱՄՆ-Ի Շարք Մը Շրջաններու Մէջ Լարուած Իրավիճակ

ԱՄՆ Մինեսոթա նահանգի Մինեապոլիս քաղաքի մէջ արդէն երրորդ գիշերն է լարուած իրավիճակ կը տիրէ՝ Ճորճ Ֆլոյտի սպանութեան հետեւանքով բռնկած ցոյցերու պատճառով. ցուցարարները իրենց բողոքը կ’արտայայտեն դիմելով հրկիզումներու, անոնք մասնաւորապէս կը հրկիզեն ոստիկանական բաժանմունքը, կը գրէ The Guardian պարբերականը:
Անկարգութիւնները սկսած են, երբ ոստիկանը դաժանաբար սպանած է սեւամորթ իրաւախախտ Ճորճ Ֆլոյտը եւ համապատասխան տեսանիւթը տարածուած է համացանցի մէջ: Յայտնի է, որ սպիտակամորթ ոստիկանը, մօտ 9 վայրկեան պառկեցնելով Ֆլոյտը գետնին, ծունկով սեղմած է անոր վիզը եւ ուշադրութիւն չէ դարձուցած տղամարդուն բացականչութիւններուն, երբ ան գոռացած է, որ չի կրնար շնչել:
Այս դէպքէն բարկացած՝ հարիւրաւոր ցուցարարներ քալած են քաղաքի կեդրոնով՝ բացականչելով արդարութեան կոչեր եւ բարձրացնելով պաստառներ, որոնց վրայ գրուած է՝ «Ես չեմ կրնար շնչել»:
Օրը մթնելուն պէս իրավիճակը աւելի սրուած է, ցուցարարները սկսած են հրկիզել շէնքերը: Սակայն ցուցարարներու հիմնական թիրախը եղած է 3-րդ ոստիկանական բաժանմունքը, ուր ներխուժած են երիտասարդները եւ հրկիզած:
Ոստիկանները հետեւած են դէպքերու զարգացման, բայց չեն միջամտած: Ոստիկանները մարած են հրդեհները, բայց չեն մօտեցած ոստիկանական բաժանմունք:
Բողոքողները կը պահանջեն խստագոյնս պատասխանատւութեան ենթարկել մարդասպան ոստիկանը եւ անոր հետ եղած մնացած երեք սպաները, որոնք դէպքի վայր գտնուելով ոչինչ ձեռնարկած են տղամարդուն կեանքը փրկելու համար։
Leave a Reply
Լրահոս
-
29.09.2020
Մեր Յաղթանակը Այլընտրանք Չունի. Յայտարարութիւն
-
16.09.2020
Ռ.Ա.Կ. Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան Հանդիպումը Մտաւորական Ընկերներու Հետ
-
11.08.2020
Եւրոպական Խորհուրդի Նախագահ՝ Չարլզ Միշըլի Այցը Հաուըրտ Գարակէօզեան
-
11.08.2020
Հայաստան Հաստատուած Լիբանանահայերուն Ուշադրութեան
-
11.08.2020
Կառավարութիւնը Հրաժարեցաւ. Կը Մնայ Որ Խորհրդարանը Եւս Հրաժարի
-
10.08.2020
Ես Գիտեմ
-
10.08.2020
Հայաստանի Հանրապետութեան Պատուիրակութիւնը Լիբանանի Մէջ. Հանդիպում Վեհափառ
-
10.08.2020
Հայաստանի Հանրապետութեան Պատուիրակութիւնը Լիբանանի Մէջ. Հանդիպում Մամուլի
-
10.08.2020
Սեւրի Դաշնագրին 100րդ Տարեդարձին Առթիւ
-
10.08.2020
ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԱՅՍՕՐ. Սեւրի Դաշնագիր

