Աւելի Քան 20 Երեսփոխաններ Պիտի Բացակային Խորհրդարանի Նիստէն

Շարք մը երեսփոխաններ կը մերժեն ներկայ ըլլալ այսօրուայ խորհրդարանական նիստին: ‘
Արդարեւ Լիբանանեան Ուժերու, Փաղանգաւորներու, Ընկերվար-Յառաջդիմական Կուսակցութեան խմբակցութիւններու երեսփոխաններ յստակ կեցուածքով մը ներկայ պիտի չըլլան այսօր կայանալիք խորհրդարանի նիստին, որ իր օրակարգին վրայ միջի այլոց ունի ընդհանուր ներումի մը խնդիր ստեղծող օրակարգը: Խորհրդարանը պիտի քննարկէ նաեւ շարք մը այլ օրէնքներ:
«Մեր երկիրը յաւելեալ օրէնքներու պէտք ունի՞» յայտարարեց Սամիր Ժաաժաա նշելով՛ որ աւելի լաւ կ՛ըլլայ նախ սկսինք գործադրել գոյութիւն ունեցող օրէնքները:
Յիշեցնենք, թէ սոյն ժողովը նախ ծրագրուած էր կայանալ նախորդ շաբաթ, որ յայտնի պատճառներով յետաձգուեցաւ այսօրուայ:
Յեղափոխականները զգուշացուցին, որ պիտի չարտօնեն ժողովի գումարումը, եւ դէպի խորհրդարան ճամբաները փակ պիտի պահեն արգելք հանդիսանալու համար երեսփոխաններուն, խորհրդարան հասնին:
Դրամատուներու պաշտօնեաներու սենտիքան երէկ ժողով մը գումարելով որոշեց վերջ տալ իր գործադուլին: Հետեւաբար այսօր դրամատուները պիտի բանան իրենց դռները: Մինչ այդ ինչպէս նշած էինք նախորդող օրերուն, պետութիւնը լուրջ քայլերու ձեռնարկած է երաշխաւոր ըլլալու դրամատուներու ապահովութեան: Կեդրոնական դրամատան տնօրէնութիւնը, իր կողմէ յատուկ օրէնքներ սահմանած է, յատկապէս օտար դրամանիշերու արտահանման կապակցութեամբ:
Երկրին մէջ ժողովրդային ցոյցեր տակաւին շարունակուեցաւ պետական հաստատութիւնններու շուրջ:
Լիբանանի հողերուն վրայ գործող բջիջային հեռաձայնի ծառայութիւն տրամադրող երկու ընկերութիւններու պաշտօնէութիւնը շարունակեց իր անկախ ցոյցերը, պաշտպանելու համար իրենց տրամադրուելիք 30 տոկոսի գումարը՛ որ իրենք կը նկատեն իրենց իրաւունքը՛ անոր վաւերացումէն ետք:
Leave a Reply
Լրահոս
-
14.12.2019
Հովուական Վերադասաւորումներ Լիբանանի Հայոց Թեմին Մէջ
-
14.12.2019
Նամականի Պատուարժան խմբագրութիւն «Զարթօնք» օրաթերթի
-
14.12.2019
ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԱՅՍՕՐ. Գոհար Գասպարեան
-
14.12.2019
Ազգային Առաջնորդարանի «Լիբանանահայ Կարիքաւորներու Զօրակցութիւն»
-
14.12.2019
Կառավարութեան Կազմութիւնը Դիւրին Պիտի Չըլլայ. Նասրալլա
-
13.12.2019
5 Մեսրոպեանականներ Պարգեւատրուեցան
-
13.12.2019
«Զարթօնք» Հայրենիքի Մէջ - 42 - Կարծրատիպեր, Որոնք Թոյլ Չեն Տալիս Կանանց
-
13.12.2019
ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԱՅՍՕՐ. Ֆրետիխ Հենրիխ Հիւկօ Վինտիշման
-
13.12.2019
ԱՄՆ Ծերակոյտը Հաստատեց Հայոց Ցեղասպանութիւնը Դատապարտող Բանաձեւը
-
13.12.2019
Պասիլ Կը Յայտարարէ. Պիտի Չմասնակցինք Հարիրիի Գլխաւորելիք Կառավարութեան

