Լիբանանեան Դրամատուները Կը Յուսան Որ Սալամէի Յայտարարութիւնները Դրական Ազդեցութիւն Պիտի Ունենան

Լիբանանի Կեդրոնական Դրամատան Կառավարիչը երէկ մամլոյ ասուլիս մը ունեցաւ , որուն ընթացքին ան շեշտեց, որ լիբանանեան դրամատուներու մէջ պահ դրուած գումարները ապահով են: Նոյնը կը վերաբերի նաեւ լիբանանեան դրամանիշի ապահովութեան:
Ի լուր այս յայտարարութեան, Լիբանանի դարմատուները յոյս յայտնեցին, որ այս մէկը դրական ազդեցութիւն պիտի ունենայ ժողովուրդին վրայ: Կառավարիչը նաեւ, դէպի դուրս գումարներ ղրկելու առնչութեամբ կարգ մը սահմանափակումներու մասին խօսեցաւ՛ բան մը որ դարձեալ ապահով կը պահէ լիբանանեան դրամանիշը:
Իր կողմէ Հըզպալլայի առաջնորդ Հասան Նասրալլա հեռասփռուած ելոյթ մը ունենալով ըսաւ, որ դատական համակարգը պէտք է պայքարի փտածութեան դէմ ներառեալ Հըզպալլայի պատասխանատուներուն եթէ անոնք այս խնդրով ինչ, որ յանցանքներ գործած են:
Խօսելով նոր կառավարութեան կազմութեան շուրջ, ան ըսաւ, որ այդ գործը ընթացքի մէջ է:
Խորհրդարանի նախագահ Նապիհ Պըրրի, որ այսօր խորհրդարանական ժողովի հրաւիրած էր երեսփոխանները, երէկ յետմիջօրէին յետաձգեց զայն ապահովական պատճառներով
Նախագահ Աուն այսօր երեկոյեան զրոյց մը պիտի շնորհէ հեռուստատեսային կայաններուն:
Ժողովուրդը այսօր ալ իր ցոյցերը պիտի շարունակէ:
Leave a Reply
Լրահոս
-
14.12.2019
Հովուական Վերադասաւորումներ Լիբանանի Հայոց Թեմին Մէջ
-
14.12.2019
Նամականի Պատուարժան խմբագրութիւն «Զարթօնք» օրաթերթի
-
14.12.2019
ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԱՅՍՕՐ. Գոհար Գասպարեան
-
14.12.2019
Ազգային Առաջնորդարանի «Լիբանանահայ Կարիքաւորներու Զօրակցութիւն»
-
14.12.2019
Կառավարութեան Կազմութիւնը Դիւրին Պիտի Չըլլայ. Նասրալլա
-
13.12.2019
5 Մեսրոպեանականներ Պարգեւատրուեցան
-
13.12.2019
«Զարթօնք» Հայրենիքի Մէջ - 42 - Կարծրատիպեր, Որոնք Թոյլ Չեն Տալիս Կանանց
-
13.12.2019
ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԱՅՍՕՐ. Ֆրետիխ Հենրիխ Հիւկօ Վինտիշման
-
13.12.2019
ԱՄՆ Ծերակոյտը Հաստատեց Հայոց Ցեղասպանութիւնը Դատապարտող Բանաձեւը
-
13.12.2019
Պասիլ Կը Յայտարարէ. Պիտի Չմասնակցինք Հարիրիի Գլխաւորելիք Կառավարութեան

