Լիբանանը Ցնցող Պայթումէն Ետք․ Առաջնորդ Սրբազանը Մօտէն Հետեւեցաւ Եկեղեցիներու Եւ Կառույցներու Կացութեան
5 օգոստոս 2020-ին առաւօտեան կանուխ ժամերէն սկսեալ Լիբանանի Հայոց Թեմի առաջնորդ Գերշ․ Տ․ Շահէ Արք․ Փանոսեան ընկերակցութեամբ Ազգային վարչութեան ատենապետ պրն․ Րաֆֆի Սիսլեանին շրջագայեցաւ 4 Օգոստոսին տեղի ունեցած պայթումին պատճառով վնասներ կրած եկեղեցիներն ու կառոյցները՝ մօտէն ծանօթանալու կացութեան եւ ստեղծուած պայմաններուն։
Այս առիթով Առաջնորդ Սրբազանը այցելեց Ս․ Նշան մայր եկեղեցի, Ս․ Քառասնից Մանկանց եկեղեցի, Ս․ Սարգիս եկեղեցի, Ս․ Վարդանանց եկեղեցի, Ս․ Աստուածածին եկեղեցի, Ս․ Գէորգ եկեղեցի, Ս․ Յովհաննու Կարապետ եկեղեցի, Ս․ Յակոբ եկեղեցի եւ Ռըմէյլի Ս․ Յարութիւն եկեղեցի, ուր քննելէ ետք պայթումին գործած աւերները, հանդիպումներ ունեցաւ ծխատէր քահանայ հայրերուն, թաղական խորհուրդներու անդամներուն եւ շրջանի պատասխանատուներուն հետ։
Շահէ Արք․ Փանոսեան օրուան ընթացքին այցելեց Պուրճ Համուտի քաղաքապետարան, ուր հանդիպում մը ունեցաւ քաղաքապետ պրն․ Մարտիկ Պօղոսեանին հետ։ Այցելութիւններ նաեւ կատարուեցան Ազգային միացեալ վարժարան, ԼՕԽ-ի «Ա․ Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոն, Գարակէօզեան հաստատութիւն, Առաջնորդարանի ընկերային բաժանմունք եւ Հաճընի Հայկական Կրթական-բարեսիրական միութեան դարմանատուն։
Իր կատարած այցելութիւններու շարքին, Առաջնորդ Սրբազանը Հայ կաթողիկէ պատրիարքարանին մէջ նաեւ առիթ ունեցաւ հանդիպելու Հայ կաթողիկէ Պատրիարքութեան Պէյրութի թեմի օգնական եպիսկոպոս Արհ․ Տ․ Գէորգ Եպս․ Ասատուրեանին հետ։
Այցելութիւններուն ընթացքին, Սրբազան հայրը շեշտեց, որ կառոյցներն ու եկեղեցիները պէտք է ունենան վերականգման եւ վերանորոգման պատկերացումներ։
ԴԻՒԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ
Leave a Reply
Լրահոս
-
29.09.2020
Մեր Յաղթանակը Այլընտրանք Չունի. Յայտարարութիւն
-
16.09.2020
Ռ.Ա.Կ. Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան Հանդիպումը Մտաւորական Ընկերներու Հետ
-
11.08.2020
Եւրոպական Խորհուրդի Նախագահ՝ Չարլզ Միշըլի Այցը Հաուըրտ Գարակէօզեան
-
11.08.2020
Հայաստան Հաստատուած Լիբանանահայերուն Ուշադրութեան
-
11.08.2020
Կառավարութիւնը Հրաժարեցաւ. Կը Մնայ Որ Խորհրդարանը Եւս Հրաժարի
-
10.08.2020
Ես Գիտեմ
-
10.08.2020
Հայաստանի Հանրապետութեան Պատուիրակութիւնը Լիբանանի Մէջ. Հանդիպում Վեհափառ
-
10.08.2020
Հայաստանի Հանրապետութեան Պատուիրակութիւնը Լիբանանի Մէջ. Հանդիպում Մամուլի
-
10.08.2020
Սեւրի Դաշնագրին 100րդ Տարեդարձին Առթիւ
-
10.08.2020
ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԱՅՍՕՐ. Սեւրի Դաշնագիր

