• London

  • Beirut

  • Moscow

  • Los Angeles

  • Paris

  • Sydney

  • Toronto

Հ Ա Ղ Ո Ր Դ Ա Գ Ր Ո Ւ Թ Ի Ւ Ն

01.08.2020   12:51

Ն. Ս. Օ. Տ. Տ. Արամ Ա. Վհափառ Հայրապետի ցուցմունքով ու պետականօրէն թելադրուած նոր որոշումներու լոյսին տակ, այսու կը տեղեկացնենք, որ հաւա-տացեալ մեր ժողովուրդը Քորոնա համաճարակի սաստկացող վտանգներէն պաշտպանելու դիտաւորութեամբ, Կիրակի, Օգոստոս 2, 2020 եւ Կիրակի, Օգոս-տոս 9, 2020-ին,  Անթիլիասի Մայր Տաճարէն ներս ու Լիբանանի Հայոց Թեմի եկեղեցիներուն մէջ, Ս. Պատարագի արարողութիւնները պիտի կատարուին համարեայ առանց ժողովուրդի ներկայութեան ու կրճատուած թիւով դպիր-դպրուհիներու մասնակցութեամբ։

Այս առիթով կը թելադրուի որ Եկեղեցի յաճախողներ, անպայմանօրէն օգտա-գործեն բժշկական դիմակ ու յարգեն իրար միջեւ ապահով հեռաւորութիւն պա-հելու սկզբունքը։

 

Դիւան Ազգ. Առաջնորդարանի

 

Աջակցէ՛ ԶԱՐԹՕՆՔ-ին. Ապահովէ՛ Անոր Գոյերթը  

Share Button

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Լրատուութեան գործընկեր