ՆՈՒԻՐԱՏՈՒՈՒԹԻՒՆ

Պէյրութի Վահան Թէքէեան Վարժարանի հաւատարիմ բարեկամ ամոլ, փարիզաբնակ բարերարներ՝ Տէր եւ Տիկ. ԱՐԱ ԵՒ ՍԻԼՎԱ ԱՀԱՐՈՆԵԱՆներ, քաջ գիտակցելով այն ծանր պայմանները, որ լիբանանահայ վարժարանը կը դիմակալէ եւ զօրակցելով իրենց հոգեհարազատ դպրոցին՝ Վահան Թէքէեան Վարժարանին ու անոր կրթական ընթացքը առողջ եւ յարատեւ պահելու համար կը նուիրեն՝ 10.000.000 լ.ո.:
Լիբանանի ընկերային-տնտեսական դժուարութիւններուն դիմաց զօրակցելու նպատակով, սրտաբուխ որեւէ նուիրատուութիւն, օգտակար կրնայ հանդիսանալ բազմապիսի մարտահրաւէրներու դէմ պայքարելու եւ առաջընթաց ապահովելու համար։
Առ այս, լիբանանահայ կրթական օճախ` Վահան Թէքէեան վարժարանի Տնօրէնութիւնն ու հոգաբարձութիւնը, այսու կու գան իրենց խորին շնորհակալութիւնն ու երախտիքը յայտնելու Տէր եւ Տիկ. Ահարոնեաններուն եւ այս առիթով բոլոր անոնց, որոնք Լիբանանի մէջ տիրող տնտեսական տագնապալի այս օրերուն օգտակար կը հանդիսանան մեր կրթօճախին՝ նիւթապէս ու բարոյապէս, որպէսզի շարունակուի ոսկեղնիկին ուսուցումը եւ հայ աշակերտը չի զրկուի հայեցի տոհմիկ դաստիարակութենէ։
Վահան Թէքէեան Վարժարանի
Տնօրէնութիւնն եւ Հոգաբարձութիւն
Աջակցէ՛ ԶԱՐԹՕՆՔ-ին. Ապահովէ՛ Անոր Գոյերթը
Leave a Reply
Լրահոս
-
29.09.2020
Մեր Յաղթանակը Այլընտրանք Չունի. Յայտարարութիւն
-
16.09.2020
Ռ.Ա.Կ. Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան Հանդիպումը Մտաւորական Ընկերներու Հետ
-
11.08.2020
Եւրոպական Խորհուրդի Նախագահ՝ Չարլզ Միշըլի Այցը Հաուըրտ Գարակէօզեան
-
11.08.2020
Հայաստան Հաստատուած Լիբանանահայերուն Ուշադրութեան
-
11.08.2020
Կառավարութիւնը Հրաժարեցաւ. Կը Մնայ Որ Խորհրդարանը Եւս Հրաժարի
-
10.08.2020
Ես Գիտեմ
-
10.08.2020
Հայաստանի Հանրապետութեան Պատուիրակութիւնը Լիբանանի Մէջ. Հանդիպում Վեհափառ
-
10.08.2020
Հայաստանի Հանրապետութեան Պատուիրակութիւնը Լիբանանի Մէջ. Հանդիպում Մամուլի
-
10.08.2020
Սեւրի Դաշնագրին 100րդ Տարեդարձին Առթիւ
-
10.08.2020
ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԱՅՍՕՐ. Սեւրի Դաշնագիր

