• London

  • Beirut

  • Moscow

  • Los Angeles

  • Paris

  • Sydney

  • Toronto

«ՀԱՅԱՍՏԱՆ» Համահայկական Հիմնադրամը Կը Վերահաստատէ Իր Զօրակցութիւնը Լիբանանահայութեան

03.07.2020   20:31

Չորեքշաբթի, 6 մարտ 2020-ին, Ազգային Առաջնորդարանին մէջ Լիբանանի հայոց թեմի Կաթողիկոսական Փոխանորդ Գերշ․ Տ․ Շահէ Եպս․ Փանոսեան ընդունեց «Հայաստան» Համահայ-կական հիմնադրամի Լիբանանի գործադիր մարմինը։

Հանդիպումին մարմինը վերահաստատեց, որ Հիմնադրամը 55,000 ամ․ տոլարի նուիրատուութեամբ կը մասնակցի լիբանանահայ վարժարաննեորու զօրակցութեան ճիգերուն։ Նշեալ նուիրատուութեամբ «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամը Լիբանանի ընկերային-տնտեսական դժուարութիւններուն մէջ վերստին իր աջակցութիւնը կը յայտնէ հայ դպրոցին, հաւատալով որ դպրոցները հայրենիքէն դուրս բնակող հայորդիներու գոյատեւման գլխաւոր երաշխիքն է։

Յայտնենք, որ հիմնադրամը 2019-ի դեկտեմբերին Ազգային Առաջնորդարանին միջոցով 18 վարժարաններու փոխանցած էր 150,000 ամ․ տոլարի նուիրատուութիւն։

Հանդիպումը նաեւ առիթ հանդիսացաւ քննելու Լիբանանը եւ գաղութը յուզող շարք կը խնդիրներ եւ տագնապներ՝ վերարժեւորելով Հայաստան-Սփիւռք համագործակցութեան կարեւո-րութիւնը։


ԴԻՒԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ

 

  Աջակցէ՛ ԶԱՐԹՕՆՔ-ին. Ապահովէ՛ Անոր Գոյերթը

Share Button

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Լրատուութեան գործընկեր