• London

  • Beirut

  • Moscow

  • Los Angeles

  • Paris

  • Sydney

  • Toronto

ՀՅԴի եւ ՌԱԿի Ներկայացուցիչներու Հանդիպում

28.11.2019   22:44

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի  եւ Հայկական Երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունի եւ Ռամկավար Ազատական կուսակցութեան Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան Ատենապետ ընկ. Սեւակ Յակոբեան հանդիպում մը ունեցան երէկ  «Շաղզոյեան» Կեդրոնին մէջ։

Հանդիպումը առիթ մը եղաւ քննարկելու վերջին ժամանակաշրջանին Լիբանանի մէջ կատարուող անցուդարձերը, շեշտելով ժողովրդային պահանջներու արդարացիութիւնը եւ արագօրէն ծանրացող խնդիրներուն լուծում գտնելու անհրաժեշտութիւնը։

Արծարծուեցաւ նաեւ Լիբանանի հայութեան տագնապները ու ներկայ հանգրուանին մեր ժողովուրդի միասնութիւնը պահպանելու հրամայականը։

Share Button

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Լրատուութեան գործընկեր