Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Արեւմտահայերէնի Յանձնաժողովի Հանդիպումը Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ

Հինգշաբթի, 29 Նոյեմբեր 2018ին նախագահութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. կաթողիկոսի եւ ատենապետութեամբ Երուանդ Փամպուքեանի՝ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան արեւմտահայերէնի յանձնաժողովի հանդիպումը տեղի ունեցաւ Անթիլիասի մայրավանքին մէջ:
Աշխատանքային հանդիպումին լայնօրէն քննարկուեցան կատարուած աշխատանքները, ի մասնաւորի ուղղագրութեան առնչուած ուղեցոյցը: Որոշ փոփոխութիւններէ ետք, յիշեալ ուղեցոյցը պիտի ղրկուի յանձնաժողովի սփիւռքատարած անդամներուն՝ ստանալու համար անոնց տեսակէտը։ Նոյն ուղեցոյցը նաեւ պիտի տեղադրուի կաթողիկոսարանի կայքէջին վրայ, որպէսզի լեզուագէտներ, ուսուցիչներ, մտաւորականներ եւ արեւմտահայերէնի մասնագէտ ազգայիններ կարենան յանձնաժողովին յայտնել իրենց տեսակէտները։
Ժողովը նաեւ քննեց սոյն աշխատանքը արհեստագիտութեան ճամբով մեր ժողովուրդի զաւակներուն տրամադրելու կարելիութիւնները:
Ժողովի աւարտին, վեհափառ հայրապետը շեշտեց, որ հակառակ մեր դիմագրաւած դժուարութիւններուն՝ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան արեւմտահայերէնի պաշտպանութեան այս աշխատանքը պիտի շարունակուի, որովհետեւ արեւմտահայերէնը Սփիւռքի մէջ հայապահպանման կարեւոր կռուաններէն մէկը կը կազմէ:
Leave a Reply
Լրահոս
-
20.02.2019
ԳՈՅԺ. ՈՉ ԵՒՍ Է Լուիզ Մանուկեան-Սիմոնը
-
20.02.2019
Զուիցերիոյ Բարձրագոյն Դատարանը Մերժեց Հայոց Ցեղասպանութեան Նուիրուած
-
20.02.2019
Յովհաննէս Թումանեանի Ծննդեան 150-ամեակին Նուիրուած Ցուցահանդէս՝ Ազգային
-
20.02.2019
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսն ու Ամենայն Հայոցը Էջմիածինի Մէջ Միասնական
-
20.02.2019
Թուրքիոյ Խորհրդարանի Նախագահը Հրաժարական Տուած Է
-
20.02.2019
Ինծի Իրաւունք Կը Վերապահեմ Թումանեանի Անունով Ըսելու Հայ Ժողովուրդին՝ Վեր
-
20.02.2019
Դասարաններու Ջեռուցումը Բաւարար Կը Համարուի
-
20.02.2019
«La Vie En Rose» («Վարդագոյն Կեանք»), Էտիթ Փիաֆ (տեսերիզ)
-
20.02.2019
ՄԵՃԼԻՍԻ ՀԱՅԸ. Թուրքիոյ Լուսաւոր Ու Խաղաղ Դէմքը
-
20.02.2019
Կեանք Մը Ամբողջ Նուիրում Հայ Երաժշտութեան Եւ Հայ Մշակոյթին

