ՍԴՀԿ – ՀՅԴ – ՌԱԿ Հանդիպում

Երէկ՝ Երկուշաբթի, 13 Յուլիս 2020-ի երեկոյեան Պէյրութի Թէքէեան Կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ միջկուսակցական հերթական ժողովը՝ մասնակցութեամբ երեք կուսակցութիւններուն ղեկավար մարմիններու ներկայացուցիչներուն:
Հանդիպումը առիթ էր միասնաբար քննարկելու լիբանանահայութիւնը յուզող հարցեր:
Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութեան, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան, եւ Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան լիբանանեան կառոյցներու պատասխանատուները, իրենց կուսակցութեանց ներլիբանանեան քաղաքական կողմերուն հետ կապերուն եւ յարաբերութիւններուն լոյսին տակ, զեկուցեցին Լիբանանի ներկայ իրավիճակին մարտահրաւէրներուն եւ հեռանկարներուն մասին:
Ժողովականները շեշտը դրին լիբանանահայութեան անվտանգութիւնը իրենց գերագոյն պարտականութիւնը նկատելու հրամայականին վրայ եւ հաստատեցին այս ուղղութեամբ միակամ ու միասնական աշխատանքի կարեւորութիւնը:
Հանդիպման օրակարգերուն մէջ կարեւոր կէտ էր Լիբանանի մէջ ամէն օր աւելի եւս ուրուագծուող թրքական գործօնին ներկայացուցած վտանգը՝ լիբանանեան հայրենիքին եւ բնականաբար լիբանանահայութեան համար: Այս հարցով կողմերը անհրաժեշտ նկատեցին ամէն առիթով թրքական ախորժակներուն եւ նկրտումներուն մասին յիշեցնել լիբանանեան բոլոր կողմերուն:
Տնտեսական ներկայ դժուարին իրականութեան մէջ լիբանանահայութեան նիւթապէս եւ բարոյապէս զօրակցութեան ձեռք երկարող բարերար անհատներուն եւ կառոյցներուն երախտագիտութիւն յայտնելով, ժողովականները կարեւոր նկատեցին լիբանանեան համայնքի զաւակներուն իրերօգնութեան եւ միասնականութեան ոգին բարձր պահելը՝ միասնաբար շրջանցելու Լիբանանի արդի պատմութեան այս դժուարին փուլը: Այս առումով ժողովականները վստահեցուցին, որ լիբանանահայութիւնը այս փորձութիւնը եւս պիտի յաղթահարէ՝ շարունակելով մնալ հայկական սփիւռքի կարեւորագոյն հայօճախներէն մին:
ՍԴՀԿ Լիբանանի Շրջանի Վարիչ Մարմին
ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ
ՌԱԿ Լիբանանի Շրջանային Վարչութիւն
Աջակցէ՛ ԶԱՐԹՕՆՔ-ին. Ապահովէ՛ Անոր Գոյերթը
Leave a Reply
Լրահոս
-
29.09.2020
Մեր Յաղթանակը Այլընտրանք Չունի. Յայտարարութիւն
-
16.09.2020
Ռ.Ա.Կ. Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան Հանդիպումը Մտաւորական Ընկերներու Հետ
-
11.08.2020
Եւրոպական Խորհուրդի Նախագահ՝ Չարլզ Միշըլի Այցը Հաուըրտ Գարակէօզեան
-
11.08.2020
Հայաստան Հաստատուած Լիբանանահայերուն Ուշադրութեան
-
11.08.2020
Կառավարութիւնը Հրաժարեցաւ. Կը Մնայ Որ Խորհրդարանը Եւս Հրաժարի
-
10.08.2020
Ես Գիտեմ
-
10.08.2020
Հայաստանի Հանրապետութեան Պատուիրակութիւնը Լիբանանի Մէջ. Հանդիպում Վեհափառ
-
10.08.2020
Հայաստանի Հանրապետութեան Պատուիրակութիւնը Լիբանանի Մէջ. Հանդիպում Մամուլի
-
10.08.2020
Սեւրի Դաշնագրին 100րդ Տարեդարձին Առթիւ
-
10.08.2020
ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԱՅՍՕՐ. Սեւրի Դաշնագիր

