• London

  • Beirut

  • Moscow

  • Los Angeles

  • Paris

  • Sydney

  • Toronto

Հաղորդագրութիւն

24.03.2020   09:17

 

«Քորոնա»-ի ճգնաժամային շտապի պատուիրակութիւնը այցելեց «Թէքէեան» կեդրոն հանդիպում մը ունենալու համար  Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Լիբանանի շրջանակի պատասխանտուներուն հետ: Շտապի անդամները զեկուցեցին տագնապի յաղթահարման եւ  այս պայմաններուն մէջ լիբանանահայութեան անհրաժեշտ օժանդակութիւնները կազմակերպելու աշխատանքային ծրագիրին մասին, որ կը դրսեւորուի նշեալ շտապի կազմութեամբ: 

Հանդիպման ընթացքին ներկաները անդրադարձան շտապի աշխատանքներուն կազմակերպման եւ լիբանանահայութեան գործնապէս օգնելու ծրագիրի ոչ հատուածական բնոյթին, որ կ’առաջադրէ հասնիլ իւրաքանչիւր հայ անհատի, որ անհրաժեշտ օժանդակութեան կարիք ունի:

ՌԱԿ-ի պատասխանատուները իրենց զօրակցութիւնը յայտնելով բարձր գնահատեցին կատարուած համալիբանանահայ համադրումի  նախաձեռնութիւնը՝ սերտ գործակցութեան ձեռք մեկնելով նորակազմ շտապին:

 

Share Button

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Լրատուութեան գործընկեր