• London

  • Beirut

  • Moscow

  • Los Angeles

  • Paris

  • Sydney

  • Toronto

ԿՈՉ. Համախումբ Ճիգերով Կողքին Կանգնինք Լիբանանահայութեան

20.03.2020   17:13

Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Կեդրոնական Վարչութիւնը եւ իր համատարած ընտանիքը, վերջին շրջանին, անձկանօք մտահոգութեամբ հետեւեցաւ լիբանանեան քաղաքական, տնտեսական եւ ապահովական վերիվայրումներուն, երբ՝ երկիր թէ ժողովուրդ, կ’անցնէին աննախընթաց տագնապներու եւ անսահման ճնշումներու բովէն։

Սակայն, վերջինը՝ «Քորոնա» ժահրի համաճարակը, յաւելեալ ու խիստ վտանգաւոր իրավիճակ մը ստեղծեց Լիբանանի մէջ, որուն հետեւանքները դիմագրաւելու համար, ան անյետաձգելի կարիքն ունի կենսական եւ անմիջական նեցուկներու՝ բարոյական, նիւթական եւ արհեստագիտական օժանդակութիւններով։

Լիբանանահայութիւնը, որ այդ ասպնջական երկրին մէջ վերազարթօնք ապրեցաւ, դառնալով անոր հիմնարար ու շինարար եօթը համայնքներէն մէկը, ինք եւս դէմ յանդիման կը գտնուի լուրջ մարտահրաւէրի առջեւ իր գոյութեան անվտանգութիւնը ապահովելու համար։

Մեզի ծանօթ է լիբանանցիներուն վճռակամութիւնը եւ անտեղիտալիութիւնը պայքարելու որեւէ վտանգի դէմ ու պաշտպանուելու որեւէ աղէտէ, որոնք կրնան սպառնալ իրենց էութեան, հայրենական ու ժողովրդային առումներով։

Լիբանանահայութիւնը եւս, իւրաքանչիւր անակնկալ ցնցումէ ետք, կրցած է զգաստանալ ու տէր դառնալ իր հայրենակիցներուն, ընկերատնտեսական եւ նոյնիսկ հոգեկան անդորրութիւն պարգեւող պայմաններ ստեղծելով, ։

«Քորոնա» ժահրը, որ այսօր դարձած է աշխարհասփիւռ սպառնալիք, կը յուզէ ու կը տագնապեցնէ բոլորը, որովհետեւ անոր տարածումը անզուսպ աճ կ’արձանագրէ, հակառակ բազում հակազդեցութիւններուն եւ արգելակումներուն։

Մեր հայրենիքը՝ Հայաստան, թէեւ կը մնայ մեր լուսարձակին տակ, բայց, անիկա պետական խնամատարութեամբ եւ աչալրջութեամբ կը հետեւի հայրենաբնակ ժողովուրդին ֆիզիքական առողջութեան ու մարմնական անհպելիութեան, որպէսզի ան զերծ ու հեռու մնայ այս ժահրին հաւանական թափանցումներէն։

Այս պարագային, մեր մտասեւեռումը կը կեդրոնանայ լիբանանահայութեան վրայ, որպէս համայնք, հաւաքականութիւն ու հասարակութիւն, իր ազգային, եկեղեցական, կուսակցական, կրթական, միութենական, մշակութային, երիտասարդական եւ յարակից այլ կառոյցներով։

Մենք համոզուած ենք, որ լիբանանահայ գաղութը կը մնայ սփիւռքահայութեան կենսարար բազկերակը, որուն աշխուժացումն ու առողջացումը պարտքն են իւրաքանչիւր հայու, հիմնուելով անոր դերակատարութեան եւ առաքելութեան վրայ։

Հայրենամերձ լիբանանահայութիւնը, անկասկած, իր բաղկացուցիչ հատուածներով ու խմբաւորումներով, ինչպէս անցեալին, այս հանգրուանին եւս, աւելի համախմբուածութեամբ ու միասնականութեամբ, կը մնայ պատնէշի վրայ, ի ծառայութիւն իր զանգուածներուն բարեկեցութեան։

Ռամկավար Ազատական Կուսակցութիւնը, ինչպէս միշտ, իր ազգային-գաղափարական գերագոյն պարտականութիւններէն կը նկատէ նաեւ զօրավիգ կանգնիլ լիբանանահայութեան, իր առաջադրական ու կառուցողական նպաստներով։

Հաւատացած ենք, որ լիբանանահայութիւնը անփոխարինելի անհրաժեշտութիւն մըն է համայն հայութեան համար, որպէս կամուրջ՝ հայրենիք-սփիւռք եւ սփիւռք-սփիւռք յարաբերութեանց ջատագով եւ զանոնք իրականացնող ամրակուռ գրաւական։։

Հետեւաբար, մեկնելով այս նախանձախնդրութենէն եւ յանձնառութենէն, Ռամկավար Ազատական Կուսակցութիւնը, հետամուտ իր ազգային կոչումին եւ սկզբունքներուն, իր ամբողջական զօրակցութիւնը կը յայտնէ լիբանանահայութեան, դուրս գալու իր արդէն իսկ դիմագրաւած տնտեսական դժուարութիւններէն ընդհանրապէս եւ ի մասնաւորի այս ախտավարակ մարդասպան ժահրէն, եւ կողքին կը մնայ Լիբանանին ու լիբանանցիներուն, որպէսզի անոնք իրենց պողպատեայ կամքով ու վճռակամութեամբ պարտութեան մատնեն «Քորոնա»ն։

Այս առիթով, մեր կոչը պիտի ըլլայ, համախումբ ճիգերով ու նախաձեռնութիւններով հասնիլ լիբանանահայութեան, իրենց ներկայ իրավիճակը մեր առաջնահերթութիւններուն կիզակէտին  վրայ պահելով, որպէսզի ան կարողանայ ապահով շրջանցել այս սուր տագնապը։

Ի Դիմաց՝

ՌԱՄԿԱՎԱՐ ԱԶԱՏԱԿԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ
ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ

 Ռաֆֆի Պալեան/Ատենադպիր                     Մայք Խարապեան/Ատենապետ

Մարտ 19, 2020

 

 

Share Button

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Լրատուութեան գործընկեր