«Ազատականութիւնը Մերօրեայ Քաղաքական Լաւագոյն Վարդապետութիւնն Է Մինչ Ռամկավարութիւնը Միշտ Կ՛ընթանայ Անոր Զուգահեռ ու Լաւագոյն Դրսեւորումն է Անոր». Սեւակ Յակոբեան

7 Նորագիրներ Միացան ՌԱԿին
Կուսակցութիւնը ամբողջութիւնն է միեւնոյն աշխարհահայեացքն ունեցող եւ ազգային քաղաքական միեւնոյն նպատակները հետապնդող այն անձերուն, որոնք ուխտով մը կապուած կ՛ըլլան իրարու եւ միասնական ջանքերով հետամուտ կը դառնան իրենց ընդհանրական նպատակներու իրագործման:
Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան անդամակցելով հայ պատանին մեր ժողովուրդին ծառայելու պատրաստակամութիւն ունեցող այն անձն է, որ պատրաստ է անձնականը զոհելու ընդհանրականին եւ իր կուսակիցներուն հետ լծուելու Հայ ազգին ծառայութեան:
Իրենց նախորդած՝ թիւով 15 ընկերուհիներուն եւ ընկերներուն հետքերով, որոնք ընդամէնը մօտ ամիս մը առաջ միացան ՌԱԿի շարքերուն 7 պարմանուհի-պատանիներու նոր հոյլ մը երէկ՝ 4 Մարտ 2020ին իրենց կուսակցական ուխտը կատարեցին միանալով իրենց ընտրած այն կուսակցութեան, որուն անդամագրուելու պատրաստութեան շրջանը կը բոլորէին արդէն:
Հակառակ Լիբանանի դիմագրաւած դժուարին պայմաններուն եւ յատկապէս երէկ երեկոյեան դարձեալ զուգադիպող փակ ճամբաներուն Ժըմմէյզիի Թէքէեան Կեդրոնին մէջ հաւաքուեցան մեծ խումբ մը պատանիներ ՌԱԿ Լիբանանի Արմենական Պատանեկան Շարժումէն, որոնց դիմաւորեցին ՌԱԿ Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան անդամներ ինչպէս նաեւ ԵՌԱԿ երիտասարդական ակումբի եւ ՌԱԿ Մկրտիչ Փորթուգալեան Ուսանողական Միաւորի պատասխանատու ընկերներ, միասնաբար քննարկելու իրենց հետաքրքրող կարեւոր նիւթեր: Երիտասարդութեան ուղղած իր խօսքին մէջ ընկեր Յակոբեան շեշտեց, որ ազատականութիւնը մերօրեայ քաղաքական լաւագոյն վարդապետութիւնն է մինչ ռամկավարութիւնը միշտ կ՛ընթանայ անոր զուգահեռ ու լաւագոյն դրսեւորումն է անոր:
Հաւաքին աւարտին, եւ ինչպէս վերը նշած էինք 7 նորագիրներ ՌԱԿ Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան ատենապետ՝ Ընկ. Սեւակ Յակոբեանին կնքահայրութեամբ իրենց ուխտը կատարեցին միանալու ՌԱԿի շարքերուն, դառնալով տիպար Ռամկավար-Ազատականներ, որոնք հայ սփիւռքի մէջ, Հայրենիքի կենարար շունչով սնանող եւ Հայաստանեայց Առաքելական Ս. Եկեղեցուոյ սրբութեամբ զօրացած, ամբողջական նուիրումով պիտի լծուին ազգապահպանումի եւ մեր Մեծ Երազի իրականացման կենսական աշխատանքներուն, որպէս լուսաշող գալիքի հիմնախարիսխ ընդունելով Մայր Հարենիքը՝ Հայաստանը:
Տեղեկատուական Գրասենեակ
ՌԱԿ Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան
Leave a Reply
Լրահոս
-
29.09.2020
Մեր Յաղթանակը Այլընտրանք Չունի. Յայտարարութիւն
-
16.09.2020
Ռ.Ա.Կ. Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան Հանդիպումը Մտաւորական Ընկերներու Հետ
-
11.08.2020
Եւրոպական Խորհուրդի Նախագահ՝ Չարլզ Միշըլի Այցը Հաուըրտ Գարակէօզեան
-
11.08.2020
Հայաստան Հաստատուած Լիբանանահայերուն Ուշադրութեան
-
11.08.2020
Կառավարութիւնը Հրաժարեցաւ. Կը Մնայ Որ Խորհրդարանը Եւս Հրաժարի
-
10.08.2020
Ես Գիտեմ
-
10.08.2020
Հայաստանի Հանրապետութեան Պատուիրակութիւնը Լիբանանի Մէջ. Հանդիպում Վեհափառ
-
10.08.2020
Հայաստանի Հանրապետութեան Պատուիրակութիւնը Լիբանանի Մէջ. Հանդիպում Մամուլի
-
10.08.2020
Սեւրի Դաշնագրին 100րդ Տարեդարձին Առթիւ
-
10.08.2020
ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԱՅՍՕՐ. Սեւրի Դաշնագիր

