Հայկական Սուրբ Ծնունդին Նուիրուած Հեռատեսիլի Ոչ Առարկայական Ծրագրի Մը Մասին

Այսօր երեկոյեան Լիբանանեան MTV կայանը Լիբանանի հայերուն նուիրուած ծրագիր մը ներկայացուց Հայկական Սուրբ Ծնունդին առիթով:
Անդրադարձին համար շնորհակալ ըլլալով հանդերձ չենք կրնար լուռ մնալ անոր պատրաստութեան ոչ-առարկայական եղանակին մասին:
Մասնակիցներուն մեծամասնութիւնը (բացի անոր կրօնական, Հայկազեան Համալսարանին եւ միութիւններուն նուիրուած շատ կարճ բաժինէն) որ ըստ յայտարարուածին, մասնակից էին նաեւ անոր նախապատրաստութեան, կը պատկանէին Լիբանանահայ կուսակցութեան մը, որ առիթը գտած էր իր անձնական փրոփականտը ընել: Բնականաբար կը հասկնանք այն պարագան, որ իւրաքանչիւրին իրաւունքն է ինքզինք ծանուցել երբ առիթը տրուի, բայց ինչ կը վերաբերի մեզի, կրնանք վստահեցնել, որ նոյնը պիտի չընէինք մանաւանդ Սուրբ Ծննդեան առիթով պատրաստուած ծրագրի մը ընդմէջէն:
Ի շարս կարգ մը հատուածապաշտ ելոյթներու, որուն ընթացքին լիբանանահայ մամուլն ալ ներկայացուեցաւ մէկ եւ միագոյն օրինակով, միեւնոյն ծրագրին մէջ Պուրճ Համուտի քաղաքապետը գնաց այն աստիճանին, որ ինքզինքին իրաւունք տուաւ յայտարարելու, որ Լիբանանեան քաղաքացիական պատերազմին, իր պատկանած կուսակցութիւնն է, որ իմաստուն որոշումը առաւ դրական չէզոքութեան քաղաքականութիւն որդեգրել, մինչ պատմական իրականութիւնը այն է, որ հայկական երեք կուսակցութիւններու միացեալ մարմինն էր, որ այդ որոշումը առաւ եւ գործադրեց:
Ինչ կը վերաբերի ծրագրին մակարդակին, նամանաւանդ անոր գեղարուեստական բաժնին, ներկայացուեցաւ անկապ երգերու շարք մը, Ս. Ծնունդի առիթով հազիւ ներկայացնելով ծննդեան ոգիով երգ մը միայն: Այս փաստը երեւի լաւագոյնս կը ներկայացնէ պատրաստութեան մասնակից կողմին գեղարուեստական մակարդակը եւ ոչ ամբողջ Լիբանանահայութեանը անշուշտ:
Կը մնայ շեշտել, որ սոյն յայտարարութեան նման արդար յստակացման կեցուածքները չեն, որ լիբանանահայութեան միասնականութեան վնաս կրնան հասցնել, այլ անոր առիթ տուող հատուածապաշտութեան երեւոյթն է, որ կրնայ նման անբաղձալի բանի մը առիթը տալ, եթէ այս մասին բոլորս այլեւս չսթափինք եւ չանդրադառնանք:
ՌԱՄԿԱՎԱՐ ԱԶԱՏԱԿԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ
ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ
Leave a Reply
Լրահոս
-
29.09.2020
Մեր Յաղթանակը Այլընտրանք Չունի. Յայտարարութիւն
-
16.09.2020
Ռ.Ա.Կ. Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան Հանդիպումը Մտաւորական Ընկերներու Հետ
-
11.08.2020
Եւրոպական Խորհուրդի Նախագահ՝ Չարլզ Միշըլի Այցը Հաուըրտ Գարակէօզեան
-
11.08.2020
Հայաստան Հաստատուած Լիբանանահայերուն Ուշադրութեան
-
11.08.2020
Կառավարութիւնը Հրաժարեցաւ. Կը Մնայ Որ Խորհրդարանը Եւս Հրաժարի
-
10.08.2020
Ես Գիտեմ
-
10.08.2020
Հայաստանի Հանրապետութեան Պատուիրակութիւնը Լիբանանի Մէջ. Հանդիպում Վեհափառ
-
10.08.2020
Հայաստանի Հանրապետութեան Պատուիրակութիւնը Լիբանանի Մէջ. Հանդիպում Մամուլի
-
10.08.2020
Սեւրի Դաշնագրին 100րդ Տարեդարձին Առթիւ
-
10.08.2020
ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԱՅՍՕՐ. Սեւրի Դաշնագիր

