ՑԱՒԱԿՑԱԳԻՐ

ՆՍՕՏՏ ԱՐԱՄ Ա. ՎԵՀԱՓԱՌ
Կաթողիկոս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ
Անթիլիաս – Լիբանան
Հաշուեյարդար. ի՜նչ մնաց. կեանքէն ինծի ի՞նչ մնաց.
Ինչ որ տուի ուրիշին. տարօրինա՜կ, ա՛յն միայն
Վահան Թէքէեան
Վեհափառ Տէր,
Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Լիբանանի շրջանակի անդամակցութեան եւ համակիրներուն, ինչպէս նաեւ ՌԱԿի հովանիին տակ գործող կառոյցներուն անունով կու գանք մեր խորին ցաւակցութիւնները յայտնելու Ձերդ Ս. Օծութեան, Ձեր սիրեցեալ մօր՝ Տիկ. Լուսինին մահուան տխուր առիթով:
Մենք լաւ գիտենք, թէ որքա՜ն դժուար է մօր մը կորուստը մեր տարիքի ո՛ր հանգրուանին ալ պատահի ան, սակայն ի մխիթարութիւն Ձերդ Ս. Օծութեան մենք կը հաւատանք, որ Ձեր ազնիւ մայրը մեծ գոհունակութեամբ եւ հպարտութեամբ փակած է իր աչքերը այն գիտակցութեամբ, որ իր ետին, ազգին որպէս ժառանգ ձգած է Ձերդ Ս. Օծութեան նման արժանաւոր զաւակ մը:
«Ինչ՛ որ տուի ուրիշին. տարօրինա՜կ, ա՜յն միայն (կը մնայ կեանքէն)», կը գրէ բանաստեղծութեան իշխանը: Արդարեւ, տիրամայր Տիկ. Լուսինը «ուրիշին», այսինքն մեզի, տուաւ Ձերդ Ս. Օծութեան նման ազգային ժառանգութիւն մը, որուն անզուգական վաստակը հպարտութիւն է իւրաքանչիւր հայորդիի:
Այս տխուր առիթով մեր խորին ցաւակցութիւնները նաեւ կը յայտնենք հանգուցեալ տիրամօր միւս զաւակներուն, թոռներուն ու համայն հարազատներուն:
Անհուն մխիթարութիւն Ձեզի եւ բիւր յարգանք ու յաւերժական հանգիստ Ձերդ Ս. Օծութեան սիրեցեալ մօր հոգւոյն:
ՌԱՄԿԱՎԱՐ ԱԶԱՏԱԿԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ
ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ
Leave a Reply
Լրահոս
-
29.09.2020
Մեր Յաղթանակը Այլընտրանք Չունի. Յայտարարութիւն
-
16.09.2020
Ռ.Ա.Կ. Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան Հանդիպումը Մտաւորական Ընկերներու Հետ
-
11.08.2020
Եւրոպական Խորհուրդի Նախագահ՝ Չարլզ Միշըլի Այցը Հաուըրտ Գարակէօզեան
-
11.08.2020
Հայաստան Հաստատուած Լիբանանահայերուն Ուշադրութեան
-
11.08.2020
Կառավարութիւնը Հրաժարեցաւ. Կը Մնայ Որ Խորհրդարանը Եւս Հրաժարի
-
10.08.2020
Ես Գիտեմ
-
10.08.2020
Հայաստանի Հանրապետութեան Պատուիրակութիւնը Լիբանանի Մէջ. Հանդիպում Վեհափառ
-
10.08.2020
Հայաստանի Հանրապետութեան Պատուիրակութիւնը Լիբանանի Մէջ. Հանդիպում Մամուլի
-
10.08.2020
Սեւրի Դաշնագրին 100րդ Տարեդարձին Առթիւ
-
10.08.2020
ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԱՅՍՕՐ. Սեւրի Դաշնագիր

