• London

  • Beirut

  • Moscow

  • Los Angeles

  • Paris

  • Sydney

  • Toronto

Հաղորդագրութիւն

10.09.2019   11:05

Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան  Լիբանանի Շրջանային Վարչութիւնը երէկ՝ Երկուշաբթի 9 Սեպտեմբեր 2019ի երեկոյեան կայացած իր հերթական  ժողովին, որուն մասնակցեցան նաեւ ՌԱԿ Լիբանանի շրջանակի ակումբներու ատենապետներ, քննարկեց Լիբանանի քաղաքական եւ տնտեսական կացութեան վերջին տուեալները:

Ժողովին քննարկուեցան նաեւ ներ-կուսակցական օրակարգեր ինչպէս նաեւ յառաջիկայ եղանակի գործունէութիւնները:

Քաղաքական աշխոյժ գործունէութեան աւելի եւս զարկ տալուն  զուգահեռ, որոշուեցաւ ակումբներու եւ յատուկ կազմուած յանձնախումբերու միջոցաւ յառաջիկայ Հոկտեմբեր եւ Նոյեմբեր ամիսներուն ընթացքին կայացնել պատշաճ միջոցառումներու շարք մը, ինչ կը վերաբերի Պէյրութի Վահան Թէքէեան Վարժարանի աւելի եւս զարգացման ու վերելքին ինչպէս նաեւ «Զարթօնք» օրաթերթի 82րդ եւ ՌԱԿի հիմնադրութեան 98րդ ամեակներու նշումին:

Նշեալ միջոցառումներուն մանրամասնութիւնները շուտով պիտի հրապարակուին:

Տեղեկատուական Գրասենեակ

ՌԱԿ Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան

Share Button

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Լրատուութեան գործընկեր