• London

  • Beirut

  • Moscow

  • Los Angeles

  • Paris

  • Sydney

  • Toronto

Վայրագութեամբ Լի Քաղաքական Նամակները Ո՛չ Մէկ Լաւ Արդիւնքի Կրնան Ծառայել. ՌԱԿ Խստիւ Կը Դատապարտէ

01.07.2019   01:49

Կիրակի 30 Յունիս 2019ին զինեալ միջադէպ մը պատահեցաւ Լեռնալիբանանի Քապրշմուն շրջանին մէջ, երբ տեղւոյն երիտասարդութիւնը ճամբաները փակած էր, որպէս բողոք Արտաքին Գործոց Նախարար Ժըպրան Պասիլի շրջան այցելութեան, որուն ընթացքին (ըստ բողոքողներուն) ան Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմը յիշեցնող եւ կիրքեր հրահրող արտայայտութիւններ ունեցած էր:  Միջադէպին զոհ գացին միջադէպին մասնակից, (այնտեղէն անցնող նախարարի մը շարասիւնին անդամ) երկու թիկնապահներ  ու վիրաւորուեցան երկու այլ զինեալներ: Այս ցաւալի եւ դատապարտելի միջադէպին յաջորդեցին Լիբանանի զանազան շրջաններու մէջ բողոքի արտայայտութիւններ ճամբաներ փակելու գործողութեամբ:

Պատահարը իրարամերժութեան եւ անհանդուրժողականութեան ցաւալի օրինակ մըն է, ինչպէս նաեւ անվերահսկելի զէնքի առկայութիւնը ժողովուրդի ձեռքին խնդիր մըն է, որ լրջօրէն կը սպառնայ երկրին ապահովութեան:

Լիբանանի ամէնազգայուն մէկ շրջանին մէջ պատահածը լաւատեսութեան չի մղեր ինչպէս նաեւ իր ծանր անդրադարձը կրնայ ունենալ Լիբանանի յառաջիկայ զբօսաշրջութեան եղանակին վրայ:

Հիմնուելով վերոյիշեալին վրայ ՌԱԿ Լիբանանի Շրջանային Վարչութիւնը խստիւս կը դատապարտէ պատահարը եւ բոլոր կողմերուն կոչ կ՛ուղղէ պատասխանատուութեան բարձր գիտակցութեամբ մօտենալու առկայ խնդիրներուն, որովհետեւ իրար ուղարկուած վայրագութեամբ լի քաղաքական նամակները ո՛չ մէկ լաւ արդիւնքի կրնան ծառայել:

Վերջապէս ՌԱԿ Լիբանանի Շրջանային Վարչութիւնը սրտանց կը ցաւակցի զոհերուն ընտանիքներուն եւ շուտափոյթ ապաքինում կը մաղթէ վիրաւորներուն: 

ՌԱՄԿԱՎԱՐ ԱԶԱՏԱԿԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ

ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ

Share Button

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Լրատուութեան գործընկեր