Միրաքի Ուրախ Եւ Գունաւոր Ս. Զատիկը
Միրաք պատանեկան-ուսանողական շարժումը 16 Ապրիլ 2017-ին, Թէքէեան Կեդրոնէն ներս, հաճելի եւ ճոխ մթնոլորտի մէջ նշեց Սուրբ Յարութեան տօնը:
Ս. Զատկուան տօնին Միրաք պատանեկան-ուսանողական շարժման պատուոյ հիւրն էր ԹՄՄ Լոնտոն Թրասթի ատենադպիր, Երեւանի Թէքէեան Կեդրոն Հիմնադրամի խորհուրդի նախագահ եւ ՌԱԿ Կեդրոնական վարչութեան գանձապահ, լոնտոնաբնակ ընկ. Վարդան Ուզունեանը:
Հաւաքին ներկայ գտնուեցան նաեւ ՌԱԿ-ի Կեդրոնական վարչութեան անդամներ՝ Փոխ-ատենապետ ընկ. Լեւոն Պըլըխեանը եւ ընկ. Պարոյր Գույումճեանը, ինչպէս նաեւ ընկ. Նազօ Քէլէշեան, ընկհ. Սոնիկ Քէլէշեան եւ ընկհ. Անի Պլղուրճեան, որոնք մասնակից դարձան Միրաքի Զատկական տօնախմբութեան:
Միրաքի պատասխանատու ընկ. Ալեքսան Գարատանայեան ողջոյնի խօսքով հանդէս եկաւ եւ բարի գալուստ մաղթեց ու շնորհակալութիւն յայտնեց ընկ. Վարդան Ուզունեանին, Միրաք շարժումին ամէն Կիրակի Թէքէեան կեդրոնի երդիքին տակ հաւաքուելու ընձեռած հնարաւորութեան համար:
Ընկ. Վարդան Ուզունեան եւ ընկ. Պարոյր Գույումճեան խանդավառուելով տօնական մթնոլորտէն եւ պատանի-ուսանողներու խումբի գործունէութենէն, նիւթական նուիրատուութիւն մը կատարեցին Միրաքին:
Միրաքի Ս. Զատկուան տօնը անմոռանալի եւ ցնծուն դարձնելու նպատակով, ընկ. Նազօ եւ ընկհ. Սոնիկ Քէլէշեաններ, որպէս տօնական նուէր, հաւաքին Հեքիաթներու աշխարհ կազմակերպութեան Ծաղրածուն հրաւիրեցին, որ իր տօնական ծրագիրով ստեղծեց համապատասխան խանդավառութիւն եւ ուրախ մթնոլորտ։
Տօնակատարութեան մասնակից Միրաքականները, ծնողները եւ հիւրերը անցուցին յիշատակելի պահեր, խաղցան, պարեցին, հիւրասիրուեցան, մասնակցեցան մրցումներու եւ հաւկթախաղի, ստացան նուէրներ։
Leave a Reply
Լրահոս
-
29.09.2020
Մեր Յաղթանակը Այլընտրանք Չունի. Յայտարարութիւն
-
16.09.2020
Ռ.Ա.Կ. Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան Հանդիպումը Մտաւորական Ընկերներու Հետ
-
11.08.2020
Եւրոպական Խորհուրդի Նախագահ՝ Չարլզ Միշըլի Այցը Հաուըրտ Գարակէօզեան
-
11.08.2020
Հայաստան Հաստատուած Լիբանանահայերուն Ուշադրութեան
-
11.08.2020
Կառավարութիւնը Հրաժարեցաւ. Կը Մնայ Որ Խորհրդարանը Եւս Հրաժարի
-
10.08.2020
Ես Գիտեմ
-
10.08.2020
Հայաստանի Հանրապետութեան Պատուիրակութիւնը Լիբանանի Մէջ. Հանդիպում Վեհափառ
-
10.08.2020
Հայաստանի Հանրապետութեան Պատուիրակութիւնը Լիբանանի Մէջ. Հանդիպում Մամուլի
-
10.08.2020
Սեւրի Դաշնագրին 100րդ Տարեդարձին Առթիւ
-
10.08.2020
ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԱՅՍՕՐ. Սեւրի Դաշնագիր

