«Միրաք»-ի Նշանաբանը՝ «Մեծագոյն Բարիքը Ընկերութիւնն է»

Կիրակի, 5 Փետրուար2017-ին, Երեւանի Թէքէեան Կեդրոնէն ներս տեղի ունեցաւ ՌԱԿ-ի «Միրաք» պատանեկան-ուսանողական շարժման հերթական կիրակնօրեայ հանդիպումը: Հաւաքին ներկայ գտնուեցան Հալէպի եւ Լիբանանի Թէքէեանի երիտասարդ անդամներէն ընկհ. Լոռի Հովիւեանը, ընկ. Մհեր Մարգարեանը եւ ընկ. Հայկ Չալեանը, որոնք իրենց ներկայութեամբ խանդավառեցին «Միրաք»-ականները եւ օժանդակեցին յանձնախումբի ծրագիրի իրականացման: Նախքան ծրագիրին անցնիլը, Ընկ. Ալեքսան Գարատանայեան «Միրաք»-ի անդամներէն Շիրակ Սողիկեանին առ ի գնահատանք, քաջալերական նուէր մը յանձնեց, իր պարտաճանաչութեան եւ բացակայութիւն չունենալուն համար: «Միրաք»-ի անդամները բարձր տրամադրութեամբ եւ ուրախ մթնոլորտի մէջ մասնակցեցան վարչութեան կողմէ պատրաստուած՝ տրամաբանութիւնն ու յիշողութիւնը զարգացնող, մարզական ունակութիւնները փորձող եւ ընդհանուր զարգացման հարստացման նպաստող խաղերուն: Հանդիպման աւարտին, նախորդ Կիրակուան «Բանակի օր»-ուան նուիրուած՝ բանակի կեանքը պատկերող ստեղծագործական կարճ ներկայացման առաջնութիւնը շահող խումբին յանձնուեցաւ նուէրներ, տրամադրուած #SPORT խանութի կողմէ: «Միրաք»-ի պատասխանատու Ընկ. Ալեքսան Գարատանայեան անակնկալ յայտարարութիւն մը ընելով, «Միրաք»-ականներուն յայտնեց, որ #SPORT խանութը «Միրաք»-ի բոլոր անդամներուն համար տրամադրած է նուէրներ, որոնք պիտի ստանան այս շաբթուան ընթացքին:
«Միրաք»-ի յանձնախումբի անունով շնորհակալութիւն կը յատնենք Ընկ. Լեւոն եւ Յակոբ Պըլըխեաններուն, իրենց կողմէ տրամադրուած եւ «Միրաք»-ականներու կողմէ շատ սիրուած նուէրներուն համար:
Leave a Reply
Լրահոս
-
29.09.2020
Մեր Յաղթանակը Այլընտրանք Չունի. Յայտարարութիւն
-
16.09.2020
Ռ.Ա.Կ. Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան Հանդիպումը Մտաւորական Ընկերներու Հետ
-
11.08.2020
Եւրոպական Խորհուրդի Նախագահ՝ Չարլզ Միշըլի Այցը Հաուըրտ Գարակէօզեան
-
11.08.2020
Հայաստան Հաստատուած Լիբանանահայերուն Ուշադրութեան
-
11.08.2020
Կառավարութիւնը Հրաժարեցաւ. Կը Մնայ Որ Խորհրդարանը Եւս Հրաժարի
-
10.08.2020
Ես Գիտեմ
-
10.08.2020
Հայաստանի Հանրապետութեան Պատուիրակութիւնը Լիբանանի Մէջ. Հանդիպում Վեհափառ
-
10.08.2020
Հայաստանի Հանրապետութեան Պատուիրակութիւնը Լիբանանի Մէջ. Հանդիպում Մամուլի
-
10.08.2020
Սեւրի Դաշնագրին 100րդ Տարեդարձին Առթիւ
-
10.08.2020
ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԱՅՍՕՐ. Սեւրի Դաշնագիր

