ՎԵՐԱՊԱՏՈՒԵԼԻ ՄԿՐՏԻՉ ԳԱՐԱԿԷՕԶԵԱՆ Կ՛ԸՆԴՈՒՆԻ ՌԱԿ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ ՊԱՏՈՒԻՐԱԿՈՒԹԻՒՆԸ

*ԼԻԲԱՆԱՆ* Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Լիբանանի Շրջանային Վարչութիւնը կրօնապետերու իր պաշտօնական այցելութիւններու շարքին ծիրեն ներս այցելութիւն մը տուաւ Վերապատուելի Մկրտիչ Գարակէօզեանին:
Արդարեւ՝ Շաբաթ 5 Յուլիս 2014-ի առաւօտեան ժամը 10:00-ին, ՌԱԿ Լիբանանի Շրջանային Վարչութիւնը ներկայացնող պատուիրակութիւն մը, որուն մաս կը կազմէին ընկերներ՝ Միքայէլ Վայէճեան (ատենապետ), Սեւակ Յակոբեան (ատենադպիր) եւ ընկերուհի Ճէքի Տէրվիշեան (գանձապահ), այցելեց Մերձաւոր Արեւելքի Հայ Աւետարանական Եկեղեցիներու Միութեան Նախագահ՝ Վեր. Մկրտիչ Գարակէօզեանին:
ՄԱՀԱԵՄ կեդրոնատեղիին մէջ աւելի քան մէկ ժամ մը տեւած մտերմիկ ընդունելութեան ընթացքին ՌԱԿԻ Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան պատուիրակութիւնը Վեր. Գարակէօզեանին հետ քննարկեց ընդհանրապէս Հայ ազգը եւ մասնաւորաբար շրջանն ու Լիբանանահայութիւնը յուզող հարցեր:
Հանդիպման ընթացքին Վերապատուելի Նախագահը շեշտը դրաւ Հայ Աւետարանական Եկեղեցուոյ ազգային անսակարկ ուղեգիծին, ինչպէս նաեւ Եկեղեցուոյ հովիւներուն ազգային եւ մարդկային դաստիրակութեանը վրայ: Ան նաեւ նշեց, թէ Հայ Եկեղեցական եւ Կուսակցական հաստատութիւններու ղեկավարութիւնը մեծ պատասխանատութիւն ունին ճիշդ առաջնորդելու ժողովուրդը եւ հսկելու տուեալ գաղութներուն ընդհանրական շահերուն վրայ ինչ կը վերաբերի շրջանային վերիվայրումներուն: Վերապատուելի Գարակէօզեանը մարդկային համարելով հանդերձ առաջնորդութեանց երբեմնի սխալները ընդգծեծ թէ, յանցանքը կը սկսի անցեալի տուեալ սխալէ մը դասեր չքաղելու պարագային: ՌԱԿ-ի պատուիրակութիւնը իր կարգին դրուատեց Հայ Աւետարանական Եկեղեցուոյ անզուգական եւ անփոխարինելի դերը Հայ ազգին մէջ իր զանազան հաստատութիւններով:
Հանդիպման աւարտին Վերապատուելի Գարակէօզեանը բարձր գնահատելով ՌԱԿ–ը, Լիբանանի Շրջանային նորընտիր Վարչութեան յաջողութիւն մաղթեց շարունակելու ՌԱԿ-ի ազգային վեհ առաքելութիւնը:
ՄԱՄԼՈՅ ԴԻՒԱՆ
ՌԱԿ ԼԻԲԱՆԱՆԻՆ ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ
Leave a Reply
Լրահոս
-
29.09.2020
Մեր Յաղթանակը Այլընտրանք Չունի. Յայտարարութիւն
-
16.09.2020
Ռ.Ա.Կ. Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան Հանդիպումը Մտաւորական Ընկերներու Հետ
-
11.08.2020
Եւրոպական Խորհուրդի Նախագահ՝ Չարլզ Միշըլի Այցը Հաուըրտ Գարակէօզեան
-
11.08.2020
Հայաստան Հաստատուած Լիբանանահայերուն Ուշադրութեան
-
11.08.2020
Կառավարութիւնը Հրաժարեցաւ. Կը Մնայ Որ Խորհրդարանը Եւս Հրաժարի
-
10.08.2020
Ես Գիտեմ
-
10.08.2020
Հայաստանի Հանրապետութեան Պատուիրակութիւնը Լիբանանի Մէջ. Հանդիպում Վեհափառ
-
10.08.2020
Հայաստանի Հանրապետութեան Պատուիրակութիւնը Լիբանանի Մէջ. Հանդիպում Մամուլի
-
10.08.2020
Սեւրի Դաշնագրին 100րդ Տարեդարձին Առթիւ
-
10.08.2020
ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԱՅՍՕՐ. Սեւրի Դաշնագիր

