• London

  • Beirut

  • Moscow

  • Los Angeles

  • Paris

  • Sydney

  • Toronto

Ստեփանակերտի Մէջ Համերգով Հանդէս Եկաւ Երեւանի Պետական Քամերային Երգչախումբը

28.04.2017   07:43

Ապրիլ 26-ին, Ստեփանակերտի Սայաթ-նովայի անուան երաժշտական գոլէճին մէջ, համերգային ծրագիրով հանդէս եկաւ Երեւանի պետական քամերային երգչախումբը`գեղարուեստական ղեկավարութեամբ եւ խմբավարութեամբ Յարութիւն Թօփիկեանի: Այս մասին կը հաղորդէ «Aparaj.am»-ը։

Համերգային ծրագիրի առաջին մասը Կոմիտասի ստեղծագործութիւններն էին, որոնք տարածելու եւ հանրութեան ճանաչելի դարձնելու առաքելութիւն ստանձնած է նշեալ երգչախումը: Բարձր կատարողական արուեստով ու իւրայատուկ ոգիով հնչեցին նաեւ Ուիլլի Ուայնըրի ստեղծագործութիւնները` երգահան Երուանդ Երկանեանի մշակումով, ինչպէս նաեւ ճազային ծանօթ ու սիրուած երգեր: Մշակութային հանդիպումը աւարտեցաւ Կոմիտասի Ազգային օրհներգով` երգչախումբի ու հանդիսատեսի համատեղ կատարումով:

Ներկայ էին ԱՀ ԱԺ նախագահ Աշոտ Ղուլեան, ԱՀ մշակոյթի եւ երիտասարդութեան հարցերու նախարար Նարինէ Աղաբալեան եւ այլք: Երեւանի պետական կամերային երգչախումբի արցախեան համերգը կայացաւ ՀՀ մշակութի նախարարութեան «Մշակութային կանգառ» ծրագիրին ծիրէն ներս, ԱՀ մշակոյթի եւ երիտասարդութեան հարցերու նախարարութեան աջակցութեամբ:

Share Button

Deja un comentario

Tu dirección de correo electrónico no será publicada. Los campos obligatorios están marcados con *

Media Partner