Ստեփանակերտի Մէջ Բացուած է Արցախցի Նկարիչի Անհատական Ցուցահանդէսը

Ստեփանակերտի պատկերասրահին մէջ նախօրէին բացուած է նկարիչ, արցախեան գոյամարտի մասնակից, գնդապետ Արմէն Սողոմոնեանի «Խաղաղութեան ծաղիկներ» խորագիրով անհատական ցուցահանդէսը` նուիրուած մայրութեան եւ գեղեցկութեան տօնին:
Ըստ Artsakhpress.am-ի` ցուցահանդէսին Արցախի նկարիչներու միութեան նախագահ Յովիկ Գասպարեան կարեւոր համարած է Արմէն Սողոմոնեանի ստեղծած կտաւներով կերտուած հայրենի չքնաղ բնաշխարհի գեղեցիկ, գողտրիկ անկիւնները:
«Գնդապետ Արմէն Սողոմոնեանի նկարներէն ջերմութիւն ու լոյս կը ճառագէ»,-ընդգծած է Յ. Գասպարեան:
Յակոբ Կիւրճեանի անուան ուսումնարանի ղեկավար Եուրի Յովհաննիսեան, իր խօսքին մէջ ըսած է. «Արմէն Սողոմոնեան ծնունդով արցախցի է եւ իրաւացիօրէն այդ իրաւունքը կրկնակի նուաճած է, որովհետեւ ան մասնակցած է արցախեան ազատագրական պայքարին, որմէ ետք անցած է ստեղծագործական կեանքին»:
Բանաստեղծուհի Սիրվարդ Մարգարեան՝ խօսելով Ա. Սողոմոնեան անհատի մասին՝ մասնաւորապէս ըսած է. «Արմէն Սողոմոնեանը ոչ միայն իր երկրի յաւերժական զինուորն է, այլ նաեւ մեր հոգեւոր տիրոյթներու պահապանն է: Ան իր կտաւներուն մէջ կը բացայայտէ աշխարհ մը, որուն ծալքերէն մեզի կը հասնի սիրոյ եւ խաղաղութեան հիմնը: Պատերազմի թոհուբոհը տեսած զինուորականի հոգին պատերազմը չէ կոշտացուցած, հակառակը` աւելի զգայուն, աւելի նրբազգաց դարձուցած է: Ան մինչեւ ողնուծուծը զինուորական է, բայց այսօր զինք բացայայտեցինք նաեւ իբրեւ արուեստագէտ»:
Ցուցահանդէսի բացման ներկայ եղած են նկարիչներ, հեղինակի զինուորական ընկերներ, արուեստասէր հասարակայնութիւն եւ այլք:
Deja un comentario
NOTICIAS
-
12.03.2019
Setrak Kurejian
-
16.01.2019
Անժամանցելի Սարուխանը Այսօր
-
11.01.2019
En la Argentina y en Armenia Reconocimiento al trabajo del Dr. Roberto
-
11.01.2019
Propulsor del reconocimiento del genocidio armenio en su país Con el
-
11.01.2019
Señora Nadya Kaspar de Ekserciyan, “Personalidad del año 2018 de las
-
05.12.2018
Ալեքսանտր Սարուխան Ծննդեան 120 Ամեակ
-
16.11.2018
ARA KHATCHADOURIAN VISITE MESROBIAN
-
27.10.2018
No aprobó las enmiendas al Código Electoral
-
27.10.2018
Jean Almouhian, con un lugar propio en Armenia
-
27.10.2018
La visita de los jóvenes atletas olímpicos armenios a nuestras

