• London

  • Beirut

  • Moscow

  • Los Angeles

  • Paris

  • Sydney

  • Toronto

Բեղմնաւոր Համագործակցութիւն Intermarc-ի եւ Noah’s Ark-ի միջեւ

09.04.2017   21:05

Մեր օրերուն Kideology-ի մասնագէտները եկած են այն եզրակացութեան, որուն համաձայն, մանուկներու տեսողական աշխարհաճանաչողութիւնը շատ աւելի զօրաւոր է ու կենսական, քան լսողականը։ Այդ պատճառով ալ՝ աւելի ուժ կը տրուի տեսողական մանկավարժական միջոցներուն, որոնք ոչ միայն արագօրէն ու աւելի յստակ կերպով կը տպաւորեն երեխաները ու կը «հարուածեն» անոնց ենթագիտակից աշխարհը, այլեւ կը զարգացնեն գեղեցիկի ներզգացողութիւնն ու կը խթանեն անոնց ստեղծագործական ձգտումները։

Ահաւասիկ թէ ինչո՛ւ ուսուցողական խաղալիքներէն ու խաղերէն առաջ թէ ետք յատուկ կարեւորութիւն պէտք է տրուի մանուկներու միջավայրին՝ օժտելով զայն բարձրորակ կերպարուեստի ստեղծագործութիւններով։

Մեկնելով մանկավարժական ժամանակակից սոյն սկզբունքներէն՝ Intermarc կրթական կեդրոնը կազմակերպած էր ժամանակակից գեղանկարչութեան ուշադրութեան արժանի ցուցահանդէս մը, հովանաւորութեամբ կրթական Նախարար՝ Դոկտ. Ղաթթաս Խուրիի։ Բացումը տեղի ունեցաւ  28 Մարտ, 2017-ին, երեկոյեան ժամը  7-ին, Intermarc-ի սրահներէն ներս։

Ցուցադրութեան դրուած էին շուրջ քառասուն ստեղծագործութիւններ, որոնք  տարբեր խառնուածքի տէր չորս գեղանկարիչներու գործեր են։ Անոնցմէ իւրաքանչիւրը ունի իր ուրոյն արտայայտչաձեւերն ու գեղարուեստական արժանիքները, որոնք կ’ընդունուին ու կը գնահատուին նաեւ միջազգային փառատօներու ընթացքին։

 

Ա. Էտիք Բերդեան

Տպաւորապաշտ ու «ֆով»-իստ է միաժամանակ։ Ունի քանի մը իրարմէ տարբերուող անհատականութիւններ, որոնք, սակայն, գրեթէ չնշմարուող հենքի նման իրարու առնչուած կը թուին ըլլալ։

Բերդեան կ’աշխատի բնազդաբար, ենթագիտակիցի թելադրականութեան տակ, առանց արտաքին միջամտութեան։ Անոր պատկերած գիւղական տեսարանները, կենդանիներն ու անկենդան բնութիւնները մաքուր ու քաղաքակրթութենէ չխաթարուած հոգիի մը արգասիքն են։ Ան ունի հզօր յիշողական ուժ եւ երեւակայութիւն,  որ չի վախնար  ե՛ւ գոյներէն ե՛ւ  մեծագոյն արուեստագէտներու ներշնչումներէն։ Կը պատկերէ այն՝ ինչ որ տուեալ պահուն կը յուզէ զինք ու բնազդաբար կը դրսեւորուի։ Անոր համար ճշմարտացիութիւնը աւելի գեղեցիկ է ու հմայիչ՝ քան շօշափելի իրականութիւնը, որ վերացարկուած է երեխաներու երեւակայութեան նման՝ անմիջական ու ջինջ։

 

Բ. Սուրէն Ոսկանեան

Ժամանակավրէպ համարուող վիպապաշտութիւնը Ոսկանեան կրցաւ թարմացնել ու տոգորել ժամանակակից զգացողութեամբ։ Երեխաները չափազանց զգայուն են, թէ՛  վերացական կերպերու եւ թէ՛ վառ գոյներու հանդէպ, որոնք անտարբեր չեն  ձգեր նաեւ մեծահասակները: Երեխաներու ճաշակի նրբազգողութեան եւ կամ գեղագիտական ընկալումներու զարգացման համար՝ կարեւոր են Ոսկանեանի կերտած գեղեցիկ ու կենսունակ կին կերպարներու (թէկուզ մերկուհիներու), կոյս ու գրաւիչ արտայայտչականութիւնը, որոնք բարի, կիրթ ու վեհանձն գեղուհիներ են, բնակուած անդրաշխարհային միջավայրի մէջ։ Անոնցմէ շատեր, կամ մայրեր են եւ կամ ալ մայրանալու ընդունակ պարմանուհիներ։ Ոսկանեանի տիպարներու թարմութիւնն ու հեքիաթային միջավայրը, իր ուրոյն յղացքներով, նոր վտակ մը բանայ գեղանկարչական անդաստանէն ներս:

 

Գ. Վահան Ռումէլեան

Ի ծնէ երեխաներու համար, իրականութիւնը վերացական բնոյթ ունի։ Բնութիւնը, երեւոյթներն ու իրերը անձնաւորուած կը թուին ըլլալ անոնց մօտ, որոնց առաջի’ն ստեղծագործութիւնները վերացական կերպեր, գիծեր ու գոյներ են։ Վահան Ռումէլեան հասած է երեխաներու արտայայտման ինքնամղումի, չմիջնորդուած յղացքներու դրսեւորման,  որոնք չափազանց հարազատ կը հնչեն թէ՛ մանուկներու եւ թէ՛ մեծերու քով, հաւասարապէս։ Ռումէլեանի վերացարկումները, ինքնուրոյն դրսեւորումներ են, ուր գոյներու ներդաշնակութիւնն ու ձեւոյթներու կշռոյթը, բիւրեղ տեսիլքներու տպաւորութիւն կը ձգեն անձերուն վրայ։ Անոնք անկասկած որ կը հմայեն, կը տպաւորեն ու նրբանցեն մանուկներու թէ՛ ընկալելու եւ թէ՛ արտայայտելու գեղագիտական ճաշակը։ Անոր «Քաղաքը» նկարաշարքերը իրենց կրքոտ հրավառութեամբ  ու  բռնկած երանգաւորումներով ո՛չ միայն ներազդեցիկ են ու հմայիչ այլեւ ինքնատիպ՝ ու խիստ տպաւորիչ:

 

Դ. Դաւիթ Դաւիթեան

Այս արուեստագէտը, թէեւ էութեամբ անհեթեթ գերիրապաշտ մըն է, սակայն կ’աշխատի հայփրռիալիզմի արհեստագիտութեամբ, երբեմն պատկերելով այնպիսի մանրամասնութիւններ, որոնք  կրնան վրիպիլ նոյնիսկ լուսանկարչատուփի ոսպնեակի դիմացէն։ Մեր օրերուն չափազանց քիչ են Դաւիթի նման տքնաջան աշխատող եւ ճշգրտօրէն երփնագրող արուեստագէտները։ Մանուկները զարկ տալով իրենց երեւակայութեան Դաւթեանէն պիտի ներշնչուին եւ բնազդաբար պիտի ձգտին դէպի կատարեալն ու իրաւը։ Հոս եւս ենթագիտակից աշխարհը իր տարերային դերը կը կատարէ։ Դաւիթ ունի իր սեփական կերպարները, որոնք թէեւ կը «բնակին» միջնադարեան ժամանակի ու միջավայրի մէջ, սակայն անոնք նեկայ են մեր մէջ եւ կ’արտայայտեն ժամանակակից վիճակներ ու տագնապներ։

Յիշեալ չորս գեղանկարիչներն ալ «Նոազ Արք»-ի կողմէ ցուցադրուած են միջազգային տարբեր եւ բազմաթիւ փառատօներու ընթացքին եւ արժանացած ուշադրութեան ու ջերմ ընդունելութեան, սկսեալ Պէյճինկէն ու Սինկափուրէն, անցնելով Եւրոպայէն ու Հիւսիսային Ամերիկաներէն, հասնելով մինչեւ Փունթա Տէլ Էսթէ եւ Պուէնոս Այրէս: Անոնք արդէն իսկ որոշ չափով ծանօթ են ու գնահատուած տարբեր երկիրներու մէջ:

Յիշեալ գեղանկարիչներու ստեղծագործութիւնները ոչ միայն կը գեղեցկացնեն ու կենսունակ կը դարձնեն մարդու միջավայրը, այլեւ մաս կը կազմեն կեանքին ու երբեմն նոյնիսկ տան անդամի հանգամանք կը զգենուն։

Ծանօթ.- Քանի մը կրթական հաստատութիւններու ցանկութեան հիման վրայ՝ ցուցահանդէսը կ’երկարի մինչեւ Մայիս 16:

                                                                                                                   Թղթակից

 

Share Button

Deja un comentario

Tu dirección de correo electrónico no será publicada. Los campos obligatorios están marcados con *

Media Partner