• London

  • Beirut

  • Moscow

  • Los Angeles

  • Paris

  • Sydney

  • Toronto

Այվազովսկիի Կտաւները Քրեմլինի Մէջ Պիտի Ցուցադրուին Տուտուկի Մեղեդիներու Ներքոյ

31.03.2017   07:41

«Հնչող կտաւներ» իւրայատուկ նախագիծին ծիրէն ներս, Ապրիլ 2-ին, Քրեմլինի մէջ պիտի իրականացուի հետաքրքրական համերգային ծրագիր: Այս մասին կը հաղորդէ Armenpress.am-ը՝ վկայակոչելով ռուսական լրատուամիջոցը։

Ծովանկարիչ Յովհաննէս Այվազովսկիի կտաւները «պիտի կենդանանան» հանրայայտ տուտուկահար Ճիւան Գասպարեանի տուտուկի հնչիւններուն ներքոյ:

Ճիւան Գասպարեանի հետ բեմի վրայ պիտի ըլլան նաեւ անոր թոռնիկը Ճիւան Գասպարեան-կրտսերը, Արմէն Ղազարեանը, Վազգէն Մարգարեանը, ինչպէս նաեւ «Բելկանտօ» եռեակը` (երգեհոն, տուտուկ, սաքսոֆոն):

Անոնք պիտի ներկայացնեն հայկական ժողովրդական մեղեդիներ, համաշխարհային դասական երաժշտութեան գլուխ գործոցներ` Վիվալտի, Շուպերթ, Ռախմանինով:

Share Button

Deja un comentario

Tu dirección de correo electrónico no será publicada. Los campos obligatorios están marcados con *

Media Partner