ՀԱՂՈՐԴԱԳՐՈՒԹԻՒՆ
Գալուստ Կիւլպէնկեան հիմնարկութեան հայկական համայնքներու բաժանմունքը եւ Պէյրութի Հայկազեան Համալսարանը ուրախ են յայտարարելու «Լիբանանահայ Վարժարաններու Ուսուցիչներու Մասնագիտական Մշակում» ծրագրի մեկնարկը: Սոյն ծրագրի նպատակն է, մանկավարժութեան ժամանակակից գիտութեան հետ համընթաց, մասնագիտական վերամշակման առիթ ստեղծել լիբանանահայ ուսուցիչներու եւ կրթական մարզի պատասխանատուներու համար:
Լիբանանահայ 23 վարժարաններ, որոնք նախորդ հանգրուանին մասնակցած էին ինքնարժեւորման աշխատանքին, սոյն ծրագրին մասնակցելու առիթը ունին: Իւրաքանչիւր վարժարանի կողմէ ընտրուած 4-6 ուսուցիչներ կամ կրթական պատասխանատուներ հնարաւորութիւնը պիտի ունենան մասնակցելու մէկ տարուան վրայ երկարող այս ծրագրին, որուն մասնակիցներուն թիւը պիտի ըլլայ առաւելագոյնը 150:
Ծրագիրը պիտի ընդգրկէ աշխատանքային սեմինարներ, որոնք պիտի ներկայացուին 8 հանդիպումներու ընթացքին: Նիւթերը պիտի ըլլան այլազան, ինչպէս օրինակ՝ մանկավարժական գործի ղեկավարութիւն, դասանիւթերու համակարգերու մշակում, քննական մտածողութեան զարգացում, տեղեկատուական արհեստագիտութեան դասարանային օգտագործում, արտա-դասարանային աշխատանքներու դերը՝ սորվելու գործընթացին մէջ, լեզուներու եւ ուսողութեան դասաւանդման առաւելագոյն արդիւնաւէտութեան մեթոտներ, եւայլն: Աշխատանքային սեմինարներն ու հանդիպումները պիտի մատուցուին համալսարաններու դասախօսներու եւ այլ երկիրներէ հրաւիրուած վերոնշեալ նիւթերու մասնագէտներու կողմէ: Մասնակիցները առիթ պիտի ունենան մշակելու գործնական աշխատանքներ, որոնց արժեւորումը պիտի կատարեն դասախօսներն ու մասնագէտները:
Ծրագրին կրնան մասնակցիլ բոլոր դասանիւթերու ուսուցիչներ, ինչպէս նաեւ տնօրէններ, որոնք հետամուտ են կրթական մարզէն ներս նոր հմտութիւններ ձեռք ձգելու եւ մանկավարժութեան ժամանակակից մօտեցումներու քննարկումով, իրենց տեսական եւ գործնական գիտելիքները առաւել եւս զարգացնելու:
Այս ծրագիրը լիբանանահայ վարժարաններուն մատուցուած ծառայութիւն մըն է, որուն ծախսերը կը հոգայ Գալուստ Կիւլպէնկեան հիմնարկութիւնը: Ծրագրին համակարգումն ու իրագործումը պիտի կատարեն Հայկազեան Համալսարանի Մանկավարժութեան բաժանմունքն ու Շարունակական Ուսումնառութեան Կեդրոնը:
Այս նախաձեռնութիւնը մաս կը կազմէ Գալուստ Կիւլպէնկեան հիմնարկութեան կողմէ որդեգրուած հայկական վարժարաններու եւ մանկավարժութեան վերաբերող նոր ռազմավարութեան: Ան շարունակութիւնն է այս ծիրէն ներս ստեղծուած Լիբանանի Յատուկ Նշանակութեան Յանձնախումբին եւ՝ լիբանանահայ վարժարաններու ուսուցիչներու մասնագիտական վերամշակման առնչութեամբ անոր թելադրանքներուն: Այս ծրագիրը յատկապէս մշակուած է լիբանանահայ վարժարաններուն համար: Հիմնարկութեան վարժարաններու նիւթական յատկացումները կը շարունակուին, ինչպէս նաեւ արեւմտահայերէնի պաշտպանութեան եւ զարգացման սատարելու իր նախաձեռնութիւնները:
Deja un comentario
NOTICIAS
-
12.03.2019
Setrak Kurejian
-
16.01.2019
Անժամանցելի Սարուխանը Այսօր
-
11.01.2019
En la Argentina y en Armenia Reconocimiento al trabajo del Dr. Roberto
-
11.01.2019
Propulsor del reconocimiento del genocidio armenio en su país Con el
-
11.01.2019
Señora Nadya Kaspar de Ekserciyan, “Personalidad del año 2018 de las
-
05.12.2018
Ալեքսանտր Սարուխան Ծննդեան 120 Ամեակ
-
16.11.2018
ARA KHATCHADOURIAN VISITE MESROBIAN
-
27.10.2018
No aprobó las enmiendas al Código Electoral
-
27.10.2018
Jean Almouhian, con un lugar propio en Armenia
-
27.10.2018
La visita de los jóvenes atletas olímpicos armenios a nuestras

