2017-ի Զատկուան Պատգամ Գրիգոր Պետրոս Ի. Կաթողիկոս Պատրիարքի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց
«Ո՞վ պիտի թաւալեցնէ մեզի գերեզմանին վէմը»
(Մրկ 16, 3)
Սիրելի Եղբայրներ եւ Քոյրեր ի Քրիստոս,
Սիրելի եւ Պատուական Հայրենակիցներ,
Կիները Յիսուսի գերեզմանը կ’երթան, եւ իրարու կ’ըսեն.
«Ո՞վ պիտի թաւալեցնէ մեզի գերեզմանին դրան վէմը…»:
Նայեցան եւ տեսան որ վէմը թաւալեցուցեր էին գերեզմանին վրայէն, որովհետեւ շատ մեծ էր: Կիները խռովեցան եւ սաստիկ վախցան:
Կիներուն այս հարցումը, արդեօք մենք մեզի չե՞նք ըներ, երբ ծանր դժուարութիւններու առջեւ կը գտնուինք:
«Ո՞վ պիտի թաւալեցնէ մեզի այս վէմը», երբ կը տեսնենք որ չենք ըներ բարին որ կ’ուզենք, երբ կը գործենք չարը որմէ կ’ուզենք խուսափիլ, ինչպէս կ’ըսէ Սուրբ Պօղոս. «չեմ ըներ բարին որ կ’ուզեմ, այլ կը գործեմ չարը որ չեմ ուզեր» (Հռոմ 7, 19):
Այս վէմը որ կ’արգիլէ ինծի Յիսուսին հասնիլ, միթէ մեղքերուս վէմը չէ՞, որ սրտիս վրան է, միթէ եսասիրութիւնս չէ՞, որ կը ճնշէ խղճիս վրայ, արգիլելով ինծի որ յառաջանամ շնորհքի կեանքին մէջ:
Կիները գերեզման կ’երթան մեռե՛լ մը օծելու համար, դիա՛կը Անոր՝ զոր այնքան սիրեցին եւ որ Աստուծոյ արքայութիւնը կը քարոզէր:
Վէմին ետեւը հրեշտակ մը տեսան որ կ’ըսէր իրենց. «մի՛ վախնաք, դուք կը փնտռէք Յիսուս Նազովրեցին՝ Խաչեա՛լը, հոս չէ՛, յարեա՛ւ, ահաւասիկ տեղը ուր զինքը դրին: Բայց դուք գացէ՛ք եւ ըսէ՛ք աշակերտներուն եւ Պետրոսի թէ՝ ահաւասիկ կը կանխէ ձեզ եւ Գալիլիա կ’երթայ, հո՛ն պիտի տեսնէք զինք, ինչպէս որ ըսէր էր ձեզի» (Մրկ 16, 6-7):
Մեր քարոզած Քրիստոսը մեռած կ’ըլլայ, եթէ մեզի համար լոկ հի՛ն յիշատակ մըն է. բայց Յարուցեալը մեր առջե՛ւն է, մեր ներկա՛ն է, մեր ապագա՛ն, ոչ թէ մեր անցեալը: Ի՛նքն է որ այսօրուան պատմութիւնը կը գրէ: Թերեւս պիտի նախընտրէինք մեռած եւ հանգստացնող խօսք մը լսել Իրմէ, քան թէ խանգարող, մեզ խրախուսող եւ դրդող հրաւէր մը:
Յարութեան շնորհքն է որ վէմը կը թաւալեցնէ, վէմը մեր մեղքերուն եւ եսասիրութեան: Մեր դէմը կեցած՝ Յարուցեալ Քրիստոսը՝ Իր լոյսին զօրութեամբ, այս վէմը կը թաւալեցնէ՝ փարատելով մեր տարակոյսները, մեր յուսալքումները եւ մեր վախերը:
Ապաշխարութեան եւ ողորմութեան խորհուրդն է որ կարող է աստուածա՛յին ոյժով տապալել մեր կեանքի բոլո՛ր արգելքները եւ լուսաւորել մեր առօրեայ ճանապարհը:
Սուրբ Պօղոսն է որ կը գրէ.
«Կը յիշեցնեմ ձեզի եղբայրներ Աւետարանը զոր քարոզեցի ձեզի՝
. թէ Քրիստոս մեռաւ մեր մեղքերուն համար,
. թաղուեցաւ, երրորդ օրը յարութիւն առաւ,
. երեւցաւ Կեփասին (Պետրոսին) եւ ապա տասներկուքին,
. յետոյ աւելի քան հինգ հարիւր եղբայրներուն,
. յետոյ երեւցաւ Յակոբի եւ բոլոր առաքեալներուն,
. ի վերջոյ իբրեւ նուաստ մէկուն՝ երեւցաւ նաեւ ինծի,
. որովհետեւ ես տրուպն եմ առաքեալներուն.
. արժանի չեմ նոյնիսկ կոչուիլ առաքեալ,
որովհետեւ հալածեցի Աստուծոյ Եկեղեցին» (1 Կոր 15, 1-9):
Եւ կը յարէ. «արդ, ե՛ս կամ անո՛նք, մենք այսպէ՛ս կը քարոզենք,
դուք այսպէ՛ս հաւատացիք» (1 Կոր 15, 11):
«Եթէ Քրիստոս յարութիւն չառաւ,
Ընդունա՜յն է մեր քարոզութիւնը,
Ընդունա՜յն է նաեւ ձեր հաւատքը» (1 Կոր 15, 14):
«Արդարեւ, ինչպէս Ադամով ամէնքը կը մեռնին,
այնպէս ալ Քրիստոսով՝ ամէնքը պիտի վերակենդանանան (1 Կոր 15, 22):
Մեր հայրերուն, եղբայրներուն եւ քոյրերուն հետ, որոնք դարերէ ի վեր կը նահատակուին եւ այսօր ալ կը հալածուին իրենց հաւատքին՝ եւ Քրիստոսի անունին հաւատարիմ մնալու համար, կրկին լսենք յարուցեալ մեր Տիրոջ մխիթարական խօսքը. «Քաջալերուեցէ՛ք, որովհետեւ Ես յաղթեցի աշխարհին (Յովհ 16, 33):
Օրն է այսօր, լուսաւո՛ր եւ փառապա՛նծ Յաղթութեան, որովհետեւ Քրիստոս խաչե՛ց մահը, պայծառացո՛ւց կեանքը եւ անմահութիւնը. մեզ կ’անցընէ՝ գերութենէն դէպի ազատութիւն, տխրութենէն դէպի ուրախութիւն, սուգէն դէպի ցնծութիւն, խաւարէն դէպի լոյս»:
Սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր, երկու հազարամեայ Քրիստոսի Եկեղեցւոյ զաւակներուն եւ այսօրուան բոլոր քրիստոնեաներուն հետ խոր հաւատքով, մեծ յոյսով եւ վառ սիրով եւ անհուն ուրախութեամբ հռչակենք յաչս աշխարհի՝
Քրիստոս յարեաւ ի մեռելոց.
օրհնեալ է Յարութիւնն Քրիստոսի:
Deja un comentario
NOTICIAS
-
12.03.2019
Setrak Kurejian
-
16.01.2019
Անժամանցելի Սարուխանը Այսօր
-
11.01.2019
En la Argentina y en Armenia Reconocimiento al trabajo del Dr. Roberto
-
11.01.2019
Propulsor del reconocimiento del genocidio armenio en su país Con el
-
11.01.2019
Señora Nadya Kaspar de Ekserciyan, “Personalidad del año 2018 de las
-
05.12.2018
Ալեքսանտր Սարուխան Ծննդեան 120 Ամեակ
-
16.11.2018
ARA KHATCHADOURIAN VISITE MESROBIAN
-
27.10.2018
No aprobó las enmiendas al Código Electoral
-
27.10.2018
Jean Almouhian, con un lugar propio en Armenia
-
27.10.2018
La visita de los jóvenes atletas olímpicos armenios a nuestras

