• London

  • Beirut

  • Moscow

  • Los Angeles

  • Paris

  • Sydney

  • Toronto

Ամերիկայի Հայկական Համագումարի Երեւանի Ներկայացուցիչ Ալին Օզինեանի Հետ

27.04.2017   07:29

Հաճոյքն ունեցանք «Զարթօնք»ի խմբագրատան մէջ ընդունելու Ամերիկայի Հայկական Համագումարի Հայաստանի գրասենեակի տարածաշրջանի փորձագէտ Ալին Օզինեանը:

Ծագումով պոլսահայ Տիկ. Օզինեան արդէն իսկ երկու տարիէ ի վեր հաստատուած է Հայաստան ուր կ’աշխատի տարածաշրջանը աւելի եւս մատչելի դարձնելու Ամերիկայի Հայկական Համագումարի մայր գրասենեակին:

Մեր յարգելի հիւրէն իմացանք, որ ուսումնսաիրութիւններուն հիմնական թեման Թուրքիան է, եւ թէ ինչ քաղաքականութիւն կը վարէ Հայաստանի, Սփիւռքի եւ այնտեղ ապրող հայերուն նկատմամբ: Ըստ Տիկ. Օզինեանին Հայաստանի գրասենեակի աշխատանքները աշխոյժ են, քանի որ ամէն օր նորութիւն կայ. Թուրքիոյ մէջ ուր հայերու հարցը չի հիննար, այս առումով բաւական հետեւելու եւ ուսումնասիրելու աշխատանք ունի ինք:

Հանդիպումը առիթ մըն էր մեր յարգելի հիւրէն իմանալու պոլսահայ կեանքի ներկայ  մանրամասնութիւններուն մասին: Այս հարցով Տիկ. Օզինեան ըսաւ, թէ «եթէ ուսումնասիրենք վերջին քսան տարուան պատմութիւնը` Թուրքիան վտանգաւոր երկիր եղած է հայերուն համար, բայց այս պահուն Թուրքիան վտանգաւոր երկիր է, նոյնիսկ, իր սեփական քաղաքացիին եւ տարածաշրջանին համար: Հաւանաբար սառնասիրտ դատողութիւն համարէք, բայց այս պահուն Թուրքիոյ խնդիրը այնքան բարդ է, որ այնտեղ ապրող հայերուն ապագան անորոշ կը մնայ: Կրնամ ամփոփելու համար ըսել, որ եթէ պոլսահայերուն համար Հայաստանը 25 տարի շարունակ այդքան մեծ նշանակութիւն չունէր, այսօր, սակայն, յատկապէս Սուրիոյ վիճակը տեսնելէ ետք, կարծես թէ պոլսահայերու աչքին Հայաստանը սկսած է աւելի «փայլուն» երեւնալ: Հայաստան այցելելը` այնտեղ սեփականութիւն ունենալը սկսած է աւելի հրամայական դառնալ», շեշտեց ան: «Ճիշդ է, որ ատիկա ողջունելի է, բայց ես չէի ուզեր, որ մարդը գլխուն գալիք փորձանքէն խուսափելու համար միայն Հայաստան հաստատուէր», մեր հարցին այս բաժինը եզրափակեց մեր յարգելի հիւրը:

Տիկ. Օզինեանէն իմացանք, որ ներկայիս  Պոլսոյ մէջ կայ մօտաւորապէս 50-60 հազար հայ: «Խառն ամուսնութիւնները ըստ երեւոյթին, ինչպէս ամէն տեղ, դժուար է յստակ թիւ մը ունենալ եւ չենք գիտեր այդ ամուսնութիւններէն ծնած երեխաները հայ համարե՞լ, թէ՝ ոչ: Ատիկա նոյնպէս մեծ խնդիր է: Մենք չենք գիտեր նաեւ, եթէ ծպտեալ հայերն ալ հայ կը համարուին, թէ ոչ», շեշտեց մեր հիւրը:

Իմացանք, որ Պոլսոյ մէջ ներկայիս կը գործեն 18 հայկական վարժարան, որոնցմէ չորսը  երկրորդական  վարժարաններ են: Մեր յարգելի հիւրը պոլսահայ վարժարաններու  աշակերտութեան թիւը գնահատեց՝ 4000:  Տիկ. Օզինեան խոստովանեցաւ, որ շատ դժուար է հայկական դպրոց պահելը Պոլսոյ մէջ, մանաւանդ նիւթական պատճառներով, ինչ որ մեզի յիշեցուց Լիբանանահայ վարժարաններու նոյնաման վիճակը:

Երեւանի մէջ փոխադարձ այցելութեամբ մը դարձեալ տեսնուելու խոստումով հրաժեշտ տուինք մեր յարգելի հիւրին:

Տեղին է այստեղ յիշել, որ Ալին Օզինեան իրեն ընկերակցող Պրն. Ճաֆեր Սարիքայի հետ հրապարակային զրոյց մը պիտի ունենան լիբանանահայ հայ համայնքին հետ «Դար մը Հայոց Ցեղասպանութենէն Ետք»նիւթով : Ձեռնարկը կազմակերպուած է ՀԲԸՄ-ՀԵԸ Համալսարանական Ուսանողներու Համախմբումի կողմէ ՀԲԸՄ Տեմիրճեան Կեդրոնին մէջ այսօր՝ Հինգշաբթի, 27 Ապրիլ, 2017-ին երեկոյեան ժամը 8:00-ին:

 

 

Share Button

Deja un comentario

Tu dirección de correo electrónico no será publicada. Los campos obligatorios están marcados con *

Media Partner