• London

  • Beirut

  • Moscow

  • Los Angeles

  • Paris

  • Sydney

  • Toronto

Իրական Թիւը

26.04.2017   08:57

*ԱՐՄԷՆ*

Այդպէս ալ 1.5 միլիոն զոհ թիւը փաթթեցին հայութեան վզին… Ի՞նչ կ’ըսեն փաստերը իրական թիւին կապակցութեամբ:

Իրանցի պատմաբան ու մտաւորական Իսմայիլ Ռայինը՝ նախկին վարչաձեւի ժամանակ՝ հրատարակեց եզակի ուսումնասիրութիւն մը Հայոց Ցեղասպանութեան վերաբերեալ: Գիրքին անունը «Հայոց Ցեղասպանութիւն» է:

Այդ գիրքը հրատարակուեցաւ այն տարիներուն, երբ Իրանը, Թուրքիան եւ Իրաքը ձեւաւորած էին ռազմական ու ապահովական դաշինք մը՝ ՍԵՆԹՕ անունով:

Իրանի նախկին վարչաձեւի էութեան ու ՍԵՆԹՕ-ի գոյութեան նկատառումներով, կրնանք յստակ ըսել, որ այդ գիրքը չէր կրնար հրատարակուիլ այդ տարիներու Իրանի մէջ՝ առանց վարչակարգին թոյլատուութեան:

Իսմայիլ Ռայինը՝ Իրանի նոյն ժամանակի վարչակարգին առաջարկով ու տեղեկութիւններ տրամադրելով արդէն հրատարակած էր Իրանի մէջ մասոնական շարժման սկիզբին ու հոլովոյթին վերաբերեալ գիրք մը: Գիրքին անունն է «Ֆարամուշխանէ»: Այդ գիրքը հեղինակելու համար՝ Ռայինը ձեռնահասութիւն ունէր Իրանի պետական արխիւներուն, ու մեծապէս օգտուած է անոնցմէ:

Ես կը կարծեմ, որ Հայոց Ցեղասպանութեան վերաբերեալ գիրքը կազմելու համար ալ՝ Ռայինը իր ձեռքին տակ ունեցած է Իրանի պետական յոյժ-գաղտնի փաստաթուղթեր ու մեծապէս օգտուած այդ տեղեկութիւններէն:

Իսմայիլ Ռայինը՝ իր կոթողային գիրքին մէջ՝ մէկ առ մէկ կը նշէ Օսմանեան Կայսրութեան բոլոր վիլայեթներուն մէջ ապրող հայերուն թիւը (մէկ-մէկ կը նշէ քաղաքներու եւ ուրիշ համայնքներու հայութեան թիւը), ու վերջաւորութեան կու տայ ամէն մէկ շրջանի մէջ բնաջնջուած հայերու ստոյգ թիւը: Հանրագումարն ալ կը ներկայացնէ աւելի քան 2,700,000 հոգի,  որ միայն սպանուածներուն թիւն է: Հիմա չեմ յիշեր, որ ան ի՞նչ թիւ կու տայ աքսորուածներուն վերաբերեալ:

Խորհրդային Հայաստանի ժամանակներու պատմաբան, մեծ մտաւորական Ճոն Կիրակոսեանն ալ համաձայն էր Ռայինի ներկայացուցած թիւին, եւ կը նշէ մօտաւոր այդ նոյն թիւը: Իսկ թէ երբուընէ՞ եւ ինչո՞ւ սկսաւ շրջանառութեան մէջ մտնել 1,5 միլիոնը, ես չեմ գիտեր: Այս մասին թող ըսեն պատմաբաններն ու տեղեակները:

Կից նկարը 1965 թուականի Ապրիլ 24-ի Երեւանի ցոյցէն է: Ասիկա առաջին անգամն էր (Հայոց Ցեղասպանութեան 50-ամեակին առիթով), որ հրապարակ իջաւ հայութիւնը Հայաստանի մէջ՝ բարձրացնելով հողային պահանջատիրութեան հարցը: Բացուած պաստառներուն վրայ նշուած է 2,000,000 թիւը: Ինչո՞ւ փոխուեցաւ եւ իջաւ այդ թիւը, ես չեմ գիտեր:

Իսկ մեր օրերուն, Թուրքիան արդէն կը խօսի միայն 600,000 հայ սպանուածներու մասին, որոնք իրենց կեանքը կորսնցուցին աքսորի ճանապարհին՝ սովէն ու հիւանդութիւններէն… Թուրքիան կը հերքէ Ցեղասպանութիւն կազմակերպելը:

Ես չեմ գիտեր, թէ Ռայինի այս գիրքը թարգմանուա՞ծ է ուրիշ լեզուներով, թէ՝ ոչ: Եթէ ոչ՝ կ’առաջարկեմ նախ  զայն վերահրատարակել պարսկերէնով, ապա թարգմանել հայերէն, անգլերէն, ռուսերէն, թրքերէն եւ ուրիշ լեզուներով: Ատիկա շատ կարեւոր աշխատանք է:

Տարբեր երկիրներ (օրինակ՝ Վատիկանը) արդէն բացած է իրենց փակ ֆոնտերը ու բոլորին հասանելի է Հայոց Ցեղասպանութեան վերաբերեալ վաւերական արժէք ունեցող այդ արխիւները: Կ’առաջարկեմ Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկը դիմէ Իրանին՝ իրենց տրամադրելու Իրանի ֆոնտերուն մէջ պահուող՝ Հայոց Ցեղասպանութեան վերաբերող արխիւային նիւթերէն կրկնօրինակներ: Իրանը անպայման պիտի ունենայ արժէքաւոր արխիւ:

Իսմայիլ Ռային

Իրանցի մեծանուն պատմաբան, բանասէր, լրագրող ու մեծ մտաւորական Իսմայիլ Ռային ծնած է 1936 թուականին, Իրանի հիւսիսը գտնուող Բուշեհր քաղաքին մէջ: Մահացած է 1980 թուականին, Թեհրանի մէջ: Ան պարսկերէնով հեղինակած է աւելի քան 20 պատմական ու քաղաքական արժէքաւոր գիրքեր: Ունի մեծ թիւով յօդուածներ՝ իրանական մամուլին մէջ: «Հայոց Ցեղասպանութիւնը» հատորէն բացի, ան գիրքեր ունի նուիրուած իրանահայութեան կեանքին ու իրանահայ նշանաւոր անձերու: Իմ տեղեկութիւններով Ռայինի «Հայոց Ցեղասպանութիւնը» կոթողային գիրքը մինչեւ հիմա ունեցած է վեց հրատարակութիւն Իրանի մէջ:

 

 

 

 

Share Button

Deja un comentario

Tu dirección de correo electrónico no será publicada. Los campos obligatorios están marcados con *

Media Partner