Ողորմելի Շուները Պիտի Շարունակեն Հաջել. Դուն Ճամբադ Շարունակէ

*ՍԵՒԱԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ*
Մեր մեծերէն յաճախ լսած էի. «Շուները կը հաջեն, սակայն կարաւանը կը քալէ իր ճամբան» խօսքը: Տարիներ վերջ, երբ խելահաս դարձայ՝ հասկցայ որ կրկնուածը արաբական ասացուածք մըն է, որ շատ հաւանաբար կը վերաբերի արաբական անապատին մէջ տեղափոխուող արաբ վաճառականներու կարաւաններուն, որոնք անշուշտ իրենց հարուստ բեռով ի վերջոյ հասած են իրենց տեղը, որքան ալ ճամբան շուներ հաջած են՝ ի տես անոնց յառաջխաղացքին: Կ’երեւի շունին կարճ խելքով, կարծելով որ այդ ձեւով կրնան կարաւանը իր ընթացքէն շեղեցնել կամ կանգնեցնել:
Հիմնուած այս ասացուածքին վրայ, կեանքիս ընթացքին քմծիծաղով մը միշտ քալած եմ՝ առանց կարեւորութիւն տալու փողոցներու անկիւնները երբեմն սլքտացող, իրենք իրենց շուքէն վախցող շուներու ներկայութեան: Որքան անտեսած եմ, այնքան աւելի բարձր եւ ողորմելի ձեւով հաջած են այդ փողոցային շուները, որոնց հաջոցը ի վերջոյ միախառնուած է կաղկանձի, որ ըստ կենդանական կենսաբանութեան, շան զգացած վախին կամ անկարութեան արտայայտութիւնն է, անշուշտ:
Վերինը բնականաբար փոխաբերական իմաստ ունի եւ եթէ փորձենք զայն կապել իրական կեանքին հետ, պիտի տեսնենք որ լուրջ մարդիկ, հաստատութիւններ, հիմնարկներ միշտ անտեսած են նմանօրինակ հաջոցներ, երբ այդ մէկը կու գայ իրենց վերելքէն, զարգացումէն ու յառաջխաղածքէն նախանձող կամ արգելք հանդիսանալ փորձող կողմերէն: Անտեսումի քաղաքականութիւնը աւելի քան կենսական է, սիրելի՛ ընթերցող, որպէսզի կարենաս ճամբադ անշեղ շարունակել մինչեւ վերջ:
Արդար ըլլալու համար անմիջապէս յստակացնեմ, որ ընտանի կենդանիներուն մէջ, որպէս լաւագոյնը ճանչցուած շուներուն մէջ, առողջ եւ հոգեկան բնական վիճակ ունեցող շունը չէ որ կը հաջէ ու կը կաղկանձէ եւ կը զզուեցնէ զինք լսողը: Նոյնն է մարդոց պարագային, որոնք իւրաքանչիւր քայլդ կ’ուզեն քննադատել կամ ազնիւ գործդ խանգարել եւ ուղղութիւնդ շեղեցնել՝ չես գիտեր ինչո՞ւ համար…: Շատ յաճախ ճանչցած մարդիկդ են անոնք կամ երբեմն կարծեցեալ ընկերներդ, որոնք չեն դադրիր ցեխարձակումէ: Այս պարագային պէտք է բնաւ մտահան չընել, որ ցեխարձակող մը իրեն կեցած տեղի ամենամօտիկ ցեխէն կ’օգտուի: Ցեխ, որ քննելով միշտ ալ կարելի է հասկնալ, ի՞նչ փոր ցաւէ կը տառապի խեղճը…: Խղճալու զգացումդ կը կրկնապատկուի մանաւանդ, երբ տեսնես որ այդ շունը կամ շուները (իմա ցեխարձակող մարդուկը կամ մարդուկները) պատին շղթայուած կ’ապրին, կարելիութիւն չունին յարձակելու, կամ աւելին՝ իրենց ծեր կամ հիւանդ ու գարշահոտ բերնին մէջ ակռաներ ալ չունին խածնելու…:
Նկատի ունեցիր, սիրելի՛ ընթերցող, որ յաջողակ անձիք ձախողներու հաջոցին թիրախ կը դառնան: Հաջոց մը, որ եթէ անտեսես՝ միայն զայն արտահանողին կոկորդը պիտի ցաւցնէ…: Երանի ցեխարձակումով ժամավաճառ ըլլալու փոխարէն բան մը արտադրէին հաջողները: Բայց փողոցային շուներէն (իմա մարդոցմէ) ի՞նչ կարելի է յուսալ, բացի գռեհիկ արտայայտութիւններէ եւ հիւանդագին հոգեբանութեամբ արտայայտուող լեզուէ կամ գրիչէ, որոնք ի զուր կը փորձեն արատաւորել քեզ:
Մարդկային ցաւալի պատմութեան մէկ երեսակն է այս, սիրելի՛ ընթերցող: Շուները պիտի շարունակեն հաջել: Դուն քու ձիերդ մտրակէ ու յառաջացիր՝ անտեսելով ետեւէդ անյոյս վազվռտող ու կաղկանձող հիւանդակախ, բորոտ եւ անտէր շուները:
Deja un comentario
NOTICIAS
-
12.03.2019
Setrak Kurejian
-
16.01.2019
Անժամանցելի Սարուխանը Այսօր
-
11.01.2019
En la Argentina y en Armenia Reconocimiento al trabajo del Dr. Roberto
-
11.01.2019
Propulsor del reconocimiento del genocidio armenio en su país Con el
-
11.01.2019
Señora Nadya Kaspar de Ekserciyan, “Personalidad del año 2018 de las
-
05.12.2018
Ալեքսանտր Սարուխան Ծննդեան 120 Ամեակ
-
16.11.2018
ARA KHATCHADOURIAN VISITE MESROBIAN
-
27.10.2018
No aprobó las enmiendas al Código Electoral
-
27.10.2018
Jean Almouhian, con un lugar propio en Armenia
-
27.10.2018
La visita de los jóvenes atletas olímpicos armenios a nuestras

