Ի Բերանոյ Քումմէ

*ՍԵՒԱԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ*
Երէկ Լիբանանի սինեմայի սրահները սկսան ցուցադրել Հայոց Ցեղասպանութեան նուիրուած The Promise (Խոստումը) կոթողային ֆիլմը, որուն ՀՅԴ-ի Լիբանանի քարոզչական մարմնին կողմէ կազմակերպուած առաջին ցուցադրութեան ներկայ գտնուելու առիթը ունեցած էի անցեալ Երկուշաբթի:
Քըրք Գրիգորեանի արտադրութեամբ՝ իր նիւթական ներդրումը վայելած այս ֆիլմը իրողապէս արժեւորած է զայն կեանքի կոչելու հայորդիին նպատակը:
Ֆիլմը բեմադրուած է յայտնի հանրածանօթ Օսքարակիր Թերի Ճորճի կողմէ: Ֆիլմագրութիւնը կատարած է Ռոպին Սուայքորդ: «Խոստում»ը ֆիլմը իր արժանիքներուն համար կրնայ Օսքարի մրցանակներու լաւագոյն թեկնածուներէն ըլլալ, որպէս «2016-ի Լաւագոյն Գեղարուեստական ֆիլմ»:
Ֆիլմի իրադարձութիւնները կը ծաւալին առաջին համաշխարհային պատերազմի տարիներուն ի գործ դրուած Հայոց Ցեղասպանութեան հետ առնչուած դրուագի մը շուրջ՝ սիրային եռանկիւնի մը ընդմէջէն, բժշկութիւն ուսանելու համար Պոլիս մեկնած Միքայէլի, Փարիզահայ նկարչուհի Աննայի եւ ամերիկացի լրագրող Քրիսի:
Ցեղասպանութիւնը լաւագոյնս եւ ամենահասանելի կերպով միջազգային հանրութեան հրամցուող այս ֆիլմը իրողապէս կարելի է սեպել լաւագոյնը՝ Հայ Դատի շուրջ մինչեւ օրս տարուած աշխատանքներուն մէջ, որ կարելի եղած է իրագործել Քըրք Գրիգորեանի պէս անհատ հայու հիմնած հիմնադրամին միջոցով:
Այլապէս ալ հանդիսատեսին համար ուսանելի այս ֆիլմը դիտած պահուս ունեցայ կարգ մը մտածումներ, թէ ժամանակը եկած չէ՞ այլեւս հայկական հաստատութիւններու մակարդակով մարդուժ եւ նիւթական միջոցներ համակարգել եւ միացնել նմանօրինակ մեծ տարողութեամբ ձեռնարկութիւններով հանդէս գալու: Մտածեցի, թէ եթէ նման բան չէ եղած, ո՞վ է պատասխանատուն: Ո՞վ է պատասխանատուն, եթէ պարտքերու մէջ լողացող հայկական հաստատութիւններ Քըրք Գրիգորեանի նման «Կաղանդ Պապաներ» կը սպասեն, ատենը անգամ մը իրենց պարտքերը գոցելու, ինչպէս եղաւ ատենին լիբանանահայ վարժարաններու պարագային…: Ո՞վ է յանցաւորը, եթէ ոչ ազգային հաստատութիւններուն գլխուն անցած կարգ մը միջակութիւններ…:
Յաջորդող օրերուն ալ անշուշտ նման միտքերով պաշարուած էի, երբ կարդացի Հայաստան հրատարակուող «Ազգ» թերթի 7 Ապրիլ, 2017-ի թիւին մէջ այս ֆիլմին նուիրուած՝ «Իրականութիւն Դարձած Խոստում» խորագրով յօդուած մը: Յօդուածագիրը ի միջի այլոց կը գրէ. «Խոստում»ի իրականութիւն դառնալը հետաքրքրական հարց մը կ՛առաջադրէ. ինչո՞ւ այդ ֆիլմի, Դիլիջանի միջազգային գոլէճի, Թումօ կեդրոնի եւ IDeA ծրագրի նման նախաձեռնութիւնները իրականութիւն կը դառնան տեսլական ունեցող անհատներու եւ ոչ թէ աւանդական կազմակերպութիւններու ջանքերու շնորհիւ: Պատասխանը, կ’երեւի այն է, որ սփիւռքեան կազմակերպութիւններու կառուցուածքը արդէն ինքնզինք սպառած է, հինցած, եւ չի կրնար նման ծրագիրներ մշակել, ա՛լ ուր մնաց, որ իրականացնէ: Այդ պատճառով ալ սկսած են շրջանցել անոնց»:
Կարեւոր մատնանշում մը, որ կը համընկնի մտածումներուս հետ, սակայն հետաքրքրականը եւ կարեւոր հարցումը այս պարագային այն է, որ յօդուածագիրը, որ տասնեակ տարիներ այդ իր նշած հայկական աւանդական կազմակերպութիւններէն մէկուն գործադիր մարմիններուն պարագլուխներէն ու անոր նիւթականը տնօրինողներէն եղած է, իր յօդուածով որո՞ւ կը մեղադրէ կամ կը քննադատէ…:
Դուն ըսէ սիրելի ընթերցող, գրուածը ճարպիկ չքմեղա՞նք է, հերթական կեղծի՞ք, թէ ծերախտի ազդանշան…:
Այսօրուայ համար այսքան:
Deja un comentario
NOTICIAS
-
12.03.2019
Setrak Kurejian
-
16.01.2019
Անժամանցելի Սարուխանը Այսօր
-
11.01.2019
En la Argentina y en Armenia Reconocimiento al trabajo del Dr. Roberto
-
11.01.2019
Propulsor del reconocimiento del genocidio armenio en su país Con el
-
11.01.2019
Señora Nadya Kaspar de Ekserciyan, “Personalidad del año 2018 de las
-
05.12.2018
Ալեքսանտր Սարուխան Ծննդեան 120 Ամեակ
-
16.11.2018
ARA KHATCHADOURIAN VISITE MESROBIAN
-
27.10.2018
No aprobó las enmiendas al Código Electoral
-
27.10.2018
Jean Almouhian, con un lugar propio en Armenia
-
27.10.2018
La visita de los jóvenes atletas olímpicos armenios a nuestras

