Տանջալի Ակնարկ՝ «Ինչո՞ւ Ամերիկեան Դեսպանատների Երկրորդ Մեծագոյնը՝ Երեւանում»
*Մեթր ԳԱՍՊԱՐ ՏԷՐՏԷՐԵԱՆ*
Հիմնուելով խօսքի ազատութեան մեր հաւատամքին վրայ, տեղ կու տանք յարգելի Մեթրին սոյն յօդուածին, ոչ անպայմանօրէն բաժնելով հոն արտայայտուած բոլոր միտքերը:
«Խմբ.»
Այս հարցումին արդեօք կրնա՞յ հանդարտ խղճով ճիշդ բացատրութիւնը տալ, Հայաստանի Բ. Նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանը, որ ոչ միայն հաւանութիւն տուաւ այս մեծութեամբ դեսպանատան մը կառուցման, փոքրիկ Հայաստանի հողին վրայ, այլեւ, ինքը՝ անձամբ, 2005 թուականի Մայիսին, կտրեց ասոր բացումի հանդիսութեան ժապաւէնը։
Թող ոչ ոք կարծէ, թէ ան, հանդարտ խղճով ճիշդ բացատրութիւնը չի կրնար տալ այս սիրտ ճենճերող հարցումին, երբ հանդարտ խղճով յայտարարած էր, թէ Հայաստան հողային ոչ մէկ պահանջ ունի Թուրքիայէն…։ Յայտարարութիւն, որ կը բխի իր հակառուս եւ արեւմտաթրքական արեւելումէն, որուն կառչեցան ի վնաս Հայաստանի, իրերայաջորդ երեք նախագահները հաւասարապէս, պահպանելու համար իրենց վայրի դրամատիրական օլիկարխիկ համակարգը…։ (Ի դէպ՝ այս արեւելումին հետեւանքով է, որ արաբ երախտիքի յուշակոթողը մերժուեցաւ կառուցել Երեւանեան լիճին մօտ… ուր կառուցուած է Արերիկեան դեսպանատուն կոչուած… ամրոցը եւ գաղտնի ռազմախարիսխը… եւ ցարդ չարտօնուեցաւ կայացնել այս յուշակոթողի բացման հանդիսութիւնը)։
Ամերիկացի գրող Զալմըրզ Ճոնսըն՝ իր կոթողային հատորին մէջ մանրամասնօրէն կը յիշէ ԱՄՆ-ի կայսրութեան աշխարհատարած ռազմախարիսխներն ու ռազմախարիսխներու համազօր դեսպանատուները, որոնց մեծագոյնը կառուցուած է Պաղտատի մէջ, որուն տարածքը հաւասար է Վատիկանի պետութեան տարածքին…, իսկ երկրորդ մեծագոյնը՝ Երեւանի մէջ, ինը հեկտար տարածքով… եւ՝ փոքր երկիրներու շարքին, նաեւ՝ Մակեդոնիոյ եւ նոյնիսկ ինքնահռչակ Քոսովոյի մէջ…։
Զալմըրզ Ճոնսըն՝ փոքր Հայաստանի մէջ, ամերիկեան երկրորդ մեծագոյն (աշխարհի) դեսպանատան կառուցումը դժուար հասկնալի գտնելով, նախագահ Թրումենի ազգ. ապահովութեան խորհուրդի նախագահ Տէնիըլ Հէյնըրի դիմած է՝ լուսաբանութեան համար։ Այս վերջինը տուած է հետեւեալ բացատրութիւնը. «ԱՄՆ-ի համար շատ մեծ կարեւորութիւն կը ներկայացնէ Հայաստան, գտնուելով՝ Թուրքիոյ, Վրաստանի, Ազրպէյճանի եւ Իրանի կեդրոնը։ Բայց եւ այնպէս, ռազմական ու տնտեսական դաշնակիցն է Ռուսիոյ, իսկ ԱՄՆ-ի արտաքին քաղաքականութեան շատ լուրջ ուշադրութիւնը կեդրոնացած է այս հինգ երկիրներու տարածաշրջանին վրայ, զոր կ’ուզէ հեռացնել Ռուսիոյ ազդեցութենէն, ինչպէս որ կ’ուզէ ամէն գնով արգելք հանդիսանալ՝ Գերմանիա-Ռուսիա ամէն մերձեցումի, ռազմավարական հիմնական նպատակ ունենալով՝ արգիլել Ռուսիոյ հզօրացումը Եւրասիոյ եւ Միջերկրականի մէջ…»։
Տէնիըլ Հէյնըրի այս բացատրութիւնը լաւագոյնս կը լուսաբանէ յիշեալ տարածաշրջանի վերջին տասնամեակի անցքերն ու պատերազմները, որոնք արտայայտութիւնն են ԱՄՆ-Ռուսիա շահերու բախումին, ԱՄՆ փոխանորդներու միջոցով, իսկ Ռուսիա՝ ի վերջոյ, ուղղակի միջամտութեամբ…, որ ԱՄՆ եւս ուղղակիօրէն ներքաշեց Սուրիոյ դէմ մղուող պատերազմին մէջ։
Ռ. Քոչարեանի այս հակառուս եւ արեւմտաթուրք արեւելումը կը հակասէ Հայաստանի ռազմագիտական շահերուն, որուն հարկ է անյապաղ վերջ մը դնել՝ Հայաստանը ազատագրելով օլիկարխներու մենատիրութենէն, համահայկական միաբան գործակցութեամբ վերջ դնելով ներկայի վայրի դրամատիրական շուկայիկ ու տոլարապաշտ համակարգին, ազգային ընդհանրական շահերը գերադասելով օլիկարխներու մասնաւոր շահերուն…։
Մեծն Միքայէլ Նալպանտեան կտակած է հետեւեալ ճշմարտութիւնը. «Ազգային շինութիւնը բնական կերպով պէտք է յառաջանայ վարէն՝ հիմքէն։ Այդ հիմքը հասարակ ժողովուրդն է։ Հասարակ ժողովուրդէն կը կազմուի ազգութեան մեքենան։ Լուսաւոր մարդիկ կրնան եւ պարտաւոր են միայն ուղղութիւն, զարկ եւ ընթացք տալ այդ մեքենային։ Այս ճշմարտութիւնը ուրացողը՝ ուրացող է ազգութեան։ Ազգի բարոյական հաշտութիւնը կը կատարուի ամբողջ ազգի ձեռքով։ Զի անհիմն բան է մասնաւորի երջանկութիւն, առանց ընդհանուր հասարակաց երջանկութեան…»։
Նալպանտեանի այս կտակին գլխաւոր կէտերն են՝
- Ազգակերտումի շօշափելի մեքենան հասարակ ժողովուրդին ամբողջութիւնն է։
- Մտաւորականութիւնը կրնայ եւ պարտաւոր է միայն ուղղութիւն, զարկ եւ ընթացք տալ ազգակերտումի մեքենային, որ հասարակ ժողովուրդին ամբողջութիւնն է։
- Մասնաւոր խմբակի մը բարօրութիւն-երջանկութիւնը՝ առանց ընհանուրի հասարակաց բարօրութիւն-երջանկութեան, ՀԻՄՔ ՉՈւնԻ։
Արդարեւ՝
Հայ ժողովուրդի ազգակերտումը կը պահանջէ համահայկականութեան ոգին։
Հայ մտաւորականութիւնը կրնայ եւ պարտաւոր է ուղղութիւն, զարկ եւ ընթացք տալ համահայկականութեան։
Հայ ժողովուրդի փոքրամասնութեան բարօրութիւն-երջանկութիւնը կ’արգելակէ մեծամասնութեան եւ հետեւաբար ընդհանրական՝ համահայկական երջանկութիւնը եւ բարօրութիւնը…։
Հետեւաբար, ազգային ազատագրութիւնը եւ ընկերային արդարութիւն-ազատագրութիւնը միեւնոյն ազգէն միեւնոյն պայքարը կը պահանջեն։ Ազգայինը՝ օտար լուծէն եւ գրաւումէն։ Ընկերայինը՝ շահագործող փոքրամասնութեան բռնատիրութենէն…։ Եւ այս երկու ճակատներուն վրայ պայքարը կը տանի միայն հասարակ ժողովուրդը, որ ազգին մեծամասնութիւնը կը հանդիսանայ…։
Ժամանակ մը, պատմական գիտութիւններու դոկտոր բարեկամս … նախապաշարումը ունէր կարծելու, թէ ընկերային արդարութեան համար պայքարը կը հակասէր ազգային ազատագրութեան պայքարին, եւ վերապահութիւն ունէր սովետահայ համակարգին հանդէպ, բայց այսօր, տեսնելով՝ Հայաստանի վայրի դրամատիրական համակարգին «բարիք»-ները մեր ազգային գերագոյն շահերուն, ազատագրուեցաւ իր երէկի նախապաշարումէն եւ հրապարակաւ գրեց իր հետեւեալ նոր համոզումը. «Մէկ խօսքով, կը հաւատամ, որ ընկերային արդարութեան համար պայքարը ոչ թէ չի հակասեր վասն հայրենիքի ազատագրութեան պայքարին, այլ անոնք, սիամական երկուորեակի նման համագոյ են…»։
Ան իր այս նոր համոզումը յայտնած էր՝ կարդալով մեր գրութիւնը եւ բացատրելով հետեւեալը. «Մեթր Գասպար Տէրտէրեան շատ ճիշդ կերպով կը դնէ մեր գերխնդիրը՝ մեր գրաւուած իրաւունքներուն ճանաչումը եւ ոչ թէ ցեղասպանութեան ճանաչումը գոյքային-դրամական հատուցումը։ …Իսկ ՀՀ-ի ազատագրումը պետական իշխանութիւնը բռնագրաւած քրէական տարրերէն՝ ԹԹՈՒԱԾԻՆԻ ՆՄԱՆ ԱՆՀՐԱԺԵՇՏՈՒԹԻՒՆ դարձած է…։
Անգամ մը եւս ջերմագին ողջոյններս այս գրութեան հեղինակին։ Պատրաստ եմ ԳՈՐԾՆԱԿԱՆ ՄԱՍՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆ ԲԵՐԵԼՈՒ առաջ քաշուած խնդիրներու լուծման...»։ Ակնարկուած խնդիրներն ալ կը վերաբերին ՏԱՐԱԳԻՐ ԱՐԵՒՄՏԱՀԱՅՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱՍՓԻՒՌՔԵԱՆ ՔՈՆԿՐԷՍ-ին (ՏԱՀՔ)։
Դոկտոր բարեկամս իրաւացի չէ՞, երբ կը գրէ, որ թթուածինի նման անհրաժեշտութիւն դարձած է ՀՀ-ի ազատագրումը, այս համակարգէն, որ թոյլատու կ’ըլլայ Երեւանի սիրտին վրայ կառուցումին՝ ԱՄՆ-ի կայսերական ծրագրերուն մաս կազմող այս գաղտնի ռազմախարիսխին ու ամրոցին, հետեւելով արեւմտա-թրքական, հակառուս արեւելումին, երբ Հայաստանի բնական դաշնակիցն է Ռուսիան, իսկ ԱՄՆ-ը՝ հզօր դաշնակիցը Թուրքիոյ… եւ երբ Ռուսիոյ եւ Հայաստանի աշխարհաքաղաքական եւ ռազմագիտական շահերը կը համընկնին՝ Փանթուրքիզմի դէպի արեւելք ծաւալելու իմփէրիալիստական վտանգին դէմ… մինչ Հայաստան կը գտնուի Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի աքցանին մէջ։
Ներկայի առաջնահերթ հրամայականն է, համահայկական գերխնդիրը՝ Հայաստանի ազատագրումը ներկայ համակարգէն։
Deja un comentario
NOTICIAS
-
12.03.2019
Setrak Kurejian
-
16.01.2019
Անժամանցելի Սարուխանը Այսօր
-
11.01.2019
En la Argentina y en Armenia Reconocimiento al trabajo del Dr. Roberto
-
11.01.2019
Propulsor del reconocimiento del genocidio armenio en su país Con el
-
11.01.2019
Señora Nadya Kaspar de Ekserciyan, “Personalidad del año 2018 de las
-
05.12.2018
Ալեքսանտր Սարուխան Ծննդեան 120 Ամեակ
-
16.11.2018
ARA KHATCHADOURIAN VISITE MESROBIAN
-
27.10.2018
No aprobó las enmiendas al Código Electoral
-
27.10.2018
Jean Almouhian, con un lugar propio en Armenia
-
27.10.2018
La visita de los jóvenes atletas olímpicos armenios a nuestras

