• London

  • Beirut

  • Moscow

  • Los Angeles

  • Paris

  • Sydney

  • Toronto

Ո՞ւր Է Աստուած Եւ Ի՞նչ Կը Սպասէ Միջամտելու

05.04.2017   08:59

*ՍԵՒԱԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ*

Երէկ երեկոյեան, երբ խմբագրատան գրասենեակիս մէջ նստած ըներային համացանցի էջեր կը «թերթատէի», վերի նկարին հանդիպեցայ, որ ցնցեց զիս:

Նկարին մէջի անմեղ աղջնակը իրաքցի գաղթական մանուկ մըն է, որ ակամայ փախած է իր տունէն, որ բռնուած էր իրաքեան բանակի եւ իսլամական զինեալներու կրակին տակ..:

«Մերօրեայ Մոնալիզան է», ըսաւ մեր աշխատակիցներէն մին: Իրաւունք ունի, կարծեմ: Ի՜նչ անմեղ եւ ցաւոտ է անոր ժպիտը, երբ խեղճ աղջնակը արցունքներուն մէջէն կը փորձէ ժպտալ զինք նկարել փորձող լրագրողին…:

Ի՞նչ է այս աղջնակին յանցանքը: Այս դժոխային շրջանին մէջ ծնած ըլլալու անբախտութիւ՞նը:

Աստուած իմ, ի՜նչ անարդարութիւն է սա:  Ի՞նչ ապագայ կը սպասէ արեւելեան այս անիծուած կողմն աշխարհի ապրող այս աղջնակին եւ իր հասակակիցներուն:

Չեմ գիտեր ինչո՞ւ այս նկարը յիշեցուց զիս դար մը առաջ նոյն վայրերուն մէջ անպատասխան լացող մեր ժողովուրդի անմեղ զաւակները… որոնց միակ յանցանքը հայ ծնած ըլլալն էր:

Ո՞ւր էր միջազգային ընտանիքը: Ո՞ւր է միջազգային ընտանիքը այսօր: Վերջապէս ո՞ւր է Աստուած եւ ի՞նչ կը սպասէ միջամտելու…:

 

 

Share Button

Deja un comentario

Tu dirección de correo electrónico no será publicada. Los campos obligatorios están marcados con *

Media Partner